Ըստ Պաքուի՝ ՀՀ–ԵՄ նոր փաստաթուղթը «կը հակասէ խաղաղութեան օրակարգին»
- (0)

Ատրպէյճանը կը պնդէ, թէ «Եւրոպական Միութիւն–Հայաստան գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ» փաստաթուղթը կը հակասէ խաղաղութեան օրակարգին, որուն շուրջ Պաքուն կը բանակցի Հայաստանի հետ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, թէ փաստաթուղթին մէջ ներառուած շարք մը հարցեր «լուրջ մտահոգութիւն» կ’առաջացնեն Պաքուի մէջ։ Մասնաւորաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը «անընդունելի» կը նկատէ հետեւեալ ձեւակերպումը՝ «Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով տեղահանուած Ղարաբաղի հայեր», ինչպէս նաեւ այս հարցը Հայաստան–ԵՄ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին ընդգրկելը։
Աւելին, Պաքուն կը յայտնէ իր դժգոհութիւնը փաստաթուղթի այն բաժնին մասին, որ նուիրուած է տարածաշրջանային կարգաւորման գործընթացներուն մէջ ԵՄ-ի հնարաւոր դերակատարութեան։ Մասնաւորապէս՝ մտահոգութիւն կը յարուցէ այն դրոյթը, որ կ’աջակցի միջազգային դատարաններու բոլոր համապատասխան որոշումներուն լիակատար, անյապաղ եւ արդիււնաւէտ իրագործման, «որ կարող է միանշանակ նկատուիլ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի կողմէ ներկայացուած հայցերուն ընդդէմ Ատրպէյճանի», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած այս ձեւակերպումները կրնան բացասական անդրադարձ ունենալ Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու ապագայ հեռանկարներուն վրայ։ Պաքուի յառաջացուցած սոյն «մտահոգութիւնները» կրնան նախանշաններ ըլլալ, բանակցային գործընթացին մէջ յառաջիկային անոր կողմէ նոր խոչընդոտներ ստեղծելու առումով։