Հնդկական արտադրութեան Akash 1S տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Հայաստանին պիտի մատակարուին արդէն այս տարի: Այս մասին կը հաղորդէ Հնդկաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի նորութիւնները լուսաբանող Indian Defence Research Wing կայքը՝ նշելով, որ Հայաստան Akash 1S համակարգերը պատուիրած էր 2022ին:
Ըստ նոյն կայքին՝ Երեւան մտադիր է այդ համակարգէն 15 հատ գնել: Գործարքին արժէքը, ըստ հնդկական լրատուամիջոցին, 720 միլիոն ամերիկեան տոլար է:
Comments are closed.