Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան Իրաւունքներու Խնդիրը Դուրս Եկած Է Կարգաւորման Օրակարգէն
- (0)

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման վերաբերեալ հրամանագիրի հրապարակումէն ետք խնդիրը դուրս եկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգէն, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան` յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
«Նախապէս քանիցս յայտարարած ենք, որ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանը աշխատանքներ կը տանէր Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման, նաեւ այդ խնդիրներու հասցէագրման միջազգային մեքանիզմի ստեղծման ուղղութեամբ: Ատոր միտուած էին նաեւ երրորդ երկիրներու մէջ Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպումներու կազմակերպման ջանքերը, որոնք մերժուեցան Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ: Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման վերաբերեալ հրամանագիրի հրապարակումէն ետք խնդիրը դուրս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգէն», նշած են արտաքին գործոց նախարարութենէն: