Ըստ ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահ Կիւրպէյի՝ Սողոմոն Թէհլիրեան գերմանացի լրտես մըն էր
Թրքական նոր յերիւրանքներ
1915-ի հայերու տեղահանութեան որոշումը առնուած է գերմանացի հրամանատարներու կողմէ
Կէօքսէլ Կիւրպէյ՝ ԱՍԻՄՏԷՐ կազմակերպութեան (հայկական սուտ պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն) նախագահը վերջերս կը յայտնէ, թէ 1915-ի հայերու տեղահանութեան որոշումը առնուած է գերմանացի հրամանատարներու կողմէ, իսկ Թալաթ փաշան, Էնվէր փաշան եւ Իթթիհատականներուն Միութեան ղեկավարները անոնց կամակատարներն էին պարզապէս:
Կիւրպէյ կը բացատրէ որոշումին նպատակը, ըսելով թէ այդ օրերուն գերմանական բանակն ու օսմանեան բանակը կը կռուէին ռուսական բանակին դէմ, որուն անմիջական զօրակիցներն էին հայկական զօրագունդերը: Գերմանացիներուն գլխաւոր նպատակն էր Պաղտատի երկաթուղին պաշտպանել ռուսական զօրքէն, հետեւաբար, Օսմանեան Սպայակոյտի նախագահ գերմանացի զօրավար Պրոնսար Ֆոն հայերը դէպի Սուրիա աքսորելու որոշումը առաւ՝ ծրագիրին գործադրութիւնը վստահելով Օսմանեան կայսրութեան Զինուորական նախագահ Էնվէր փաշային: Որոշումը կայացած էր Պրոնսար Ֆոնի գումարած գաղտնի ժողովին ընթացքին, որուն ներկայ էին Էնվէր, Թալաթ եւ Սայիտ Հալիմ փաշաները, որոնց վստահուեցաւ Անատոլուի հայերուն հարցը լուծելը ըստ վերոնշեալ ծրագիրին: Այս բոլոր իրադարձութիւններուն փաստաթուղթերը կը գտնուին Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ, որոնք բացարձակապէս տրամադրելի չեն Թուրքիոյ պատմաբաններուն կամ կառավարութեան:
Կիւրպէյ այս յայտարարութիւններուն իբրեւ շարունակութիւն յայտնած է նաեւ, որ Սողոմոն Թէհլիրեան Գերմանական Գաղտնի Գործակալութեան անդամ է, որ ստանձնած էր Թալաթ փաշան ահաբեկելու գործը: Պրոնսար Ֆոն Սողոմոն Թէհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին, Թալաթ փաշան ամբաստանելու մտադրութեամբ, ճշմարտութիւններ յայտնաբերած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին, մինչ գաղտնի արխիւները կը պարփակեն Թալաթ փաշայի ահաբեկման հիմնական նպատակը, որն է զայն լռեցնել, նկատի առած անոր ունեցած տեղեկութիւնները հայոց տեղահանութեան հարցով գերմանացիներուն առած որոշումին առնչութեամբ: