Ընդդիմադիր երեք ուժեր Սահմանադրական դատարան պիտի դիմեն՝ վիճարկելու ընտրութիւններու արդիւնքները

ԵՐԵՒԱՆ․ Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան», «Հայաստան» դաշինքը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը յայտարարած են, որ այս ուրբաթ պիտի դիմեն Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով անվաւեր ճանաչել խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։

«Ուժեղ Հայաստան»-ի ներկայացուցիչ Գոհար Մելոյանը նշած է, թէ ԲՀԿ-ի խորհրդարան անցնելու հարցը դեռ փակուած չէ եւ Սահմանադրական դատարանը կրնայ չեղարկել Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը, նոր ամփոփիչ որոշում ընդունիլ եւ լիազօրութիւններու (մանդատներու) նոր բաշխում սահմանել, որով ԲՀԿ-ն կրնայ յայտնուիլ Ազգային ժողովին մէջ։

Նոյն տեսակէտը արտայայտած է նաեւ «Հայաստան» դաշինքի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը՝ ընդգծելով, որ եթէ Սահմանադրական դատարանը առաջնորդուի Սահմանադրութեամբ, ԲՀԿ-ի մուտքը խորհրդարան պէտք է ապահովուի։ Ան նաեւ յայտնած է, որ ընդդիմադիր ուժերը լիազօրութիւնները ընդունելու կամ մերժելու վերջնական որոշումը պիտի կայացնեն միայն Սահմանադրական դատարանի վճիռէն ետք։

ԲՀԿ-ն նոյնպէս կը պատրաստէ իր դիմումը Սահմանադրական դատարան։ Օրէնքով սահմանուած ժամկէտը այս ուրբաթ է, իսկ դատարանը դիմումները ընդունելէ ետք 15 օրուան ընթացքին պէտք է վերջնական որոշում կայացնէ։