Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան.Արսէն Յարութիւնեան` Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

Սպանիոյ Փոնթեւետրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Վազգէն Թեւանեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին:

65 քկ դասակարգի մրցումներուն, 2020-ին աշխարհի բաժակակիր հանդիսացած Թեւանեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Համզա Ալաճայի դէմ, արձանագրելով 8-4 արդիւնքով յաղթանակ մը հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:

61 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան երկրորդ անգամ հռչակուեցաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան:

Աւարտականի մրցումին, ան բաւական լարուած պայքարէ մը ետք, 7-5 արդիւնքով յաղթեց իր խըրխըզ մրցակիցին` Թայրպեկ Ժումաշպեկ Ուուլուին:

Նշենք, որ Յարութիւնեան առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 2021-ին (Պելկրատի մէջ)` 11-7 արդիւնքով յաղթելով իր ռուս մրցակիցին` Արթուր Չեպորտայեւին:

Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Արման Աւագեան, Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը` 79 քկ դասակարգին մէջ:

Աւագեան, որ իրեն մրցակից ունեցաւ Կէորկիս Քուկիումցիտիսը (Յունաստան), գերլարուած պայքարէ մը ետք արձանագրեց 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.