Էրտողան շնորհաւորեց Փաշինեանին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին՝ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով։
Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Էրտողան մաղթած է Փաշինեանին յաջողութիւն՝ երրորդ անգամ կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ։
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, թէ լիովին կը հաւատայ, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ համագործակցութեան վերաբերող Փաշինեանի ռազմավարական տեսլականը յաջողութեամբ պիտի իրականացուի։