Զելենսքի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան կոչ ուղղեց՝ ընդգծելով Ուքրանիոյ ռազմական կարողութիւնները
- (0)

ԱՆԳԱՐԱ — Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ՆԱԹՕ-ի Անգարայի գագաթնաժողովին զուգահեռ կազմակերպուած ռազմական արդիւնաբերութեան համաժողովին ընթացքին ներկայացուց Ռուսաստանի դէմ պատերազմին մէջ Ուքրանիոյ արձանագրած ռազմական յաջողութիւնները եւ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց՝ երկիրը դաշինքին անդամ դարձնելու։
Զելենսքիի համաձայն՝ Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կը չէզոքացնեն ռուսական «Շահէտ» անօդաչու թռչող սարքերուն աւելի քան 90 առ հարիւրը։
«Իսկապէ՞ս կը կարծէք, որ պաշտպանական այսպիսի կարողութիւններ ունեցող երկիր մը պէտք է դաշինքէն դուրս մնայ», հարցուց Զելենսքի՝ դիմելով ներկաներուն, որոնց շարքին էին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն։
Ուքրանիոյ նախագահը յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը դաշինքին համար պիտի նշանակէ բացառիկ պաշտպանական կարողութիւններու ձեռքբերում՝ ընդգծելով, որ ՆԱԹՕ-ն եւ Ուքրանիան միասնաբար կը ներկայացնեն «ապագայի դաշինքը»։
Զելենսքի անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի խորքերը հասնող ուքրանական հարուածներուն՝ նշելով, որ անոնք հասած են մինչեւ Օմսք։ Անոր համաձայն՝ Սիպերիոյ մէջ քարիւղի զտարանի մը դէմ կատարուած հարուածը բացառիկ դէպք մը չէր, այլ նոր իրականութեան արտայայտութիւն։
«Ռուսաստանի մէջ այլեւս չկայ մեծ քարիւղի զտարան մը, որ ուքրանական զինեալ ուժերու հարուածներուն չէ ենթարկուած», ըսաւ ան։
Զելենսքի խօսեցաւ նաեւ «Անօդաչու սարքերու գործարք» նախաձեռնութեան մասին, որուն ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանն ու Ծոցի երկիրները, կրնան ուքրանական արտադրութեան անօդաչու սարքեր ստանալ։
Միաժամանակ, ան ընդունեց, որ Ռուսաստան տակաւին ունի կարեւոր առաւելութիւն մը՝ հրթիռային, յատկապէս հեռահար հրթիռներու ոլորտին մէջ։
«Քանի դեռ այս պատերազմը կը շարունակուի, խնդրեմ՝ մեզի օգնեցէք հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներով։ Ատիկա մեր առաջնահերթութիւնն է։ Մնացեալը մենք կրնանք կատարել», ըսաւ Զելենսքի։
Ան նաեւ կոչ ուղղեց Եւրոպային՝ ստեղծելու ռուսական հրթիռներուն դէմ հզօր պաշտպանական համակարգ եւ զարգացնելու սեփական հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները, որոնք կարելի պիտի ըլլայ մեծ քանակութեամբ արտադրել՝ ռուսական հարուածներէն պաշտպանուելու համար։