Զարիֆ. «Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Սահմանները Եւ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Կարմիր Գիծեր Են»
26 մայիս 2021-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ այցելեց Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ շրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի պայմաններուն մէջ շատ կարեւոր են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը` շեշտելով, որ Հայաստան Իրանը կը նկատէ վստահելի գործընկեր ու բարեկամ դրացի:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ յատկապէս Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածք ներխուժելու փաստին եւ սահմանային իրավիճակին` նշելով, որ Ազրպէյճան իր սադրիչ գործողութիւններով նոր սպառնալիք կը ստեղծէ ամբողջ շրջանին համար:
Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան կողմնակից է շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կայունութեան ապահովման եւ պատրաստ է կարելի ջանքերը ներդրելու այդ ուղղութեամբ: Շեշտելով իր երկրի շահագրգռուածութիւնը` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք պահպանման ու ապահովման հարցին մէջ` ան դիտել տուաւ, որ Իրանը կարեւոր կը նկատէ յարգանքը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն նկատմամբ:
Հայաստանի նախագահն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձան նաեւ հայ-իրանական երկկողմանի օրակարգին: Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ շրջանին առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրները կը պարտադրեն աշխատիլ երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգը ընդլայնելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ հանդիպումին Զարիֆ հաստատեց, որ Իրանի մէջ մտահոգ են վերջին երկու շաբաթներուն հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող սրացումներով եւ յոյս ունին, որ իրավիճակը խաղաղ հանգուցալուծում կը ստանայ` աւելցնելով, որ Իրան նախապէս հաստատած է եւ կրկին կը հաստատէ, որ իրենց համար միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները եւ տարածքային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծեր են: