Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավարը հրաւիրուած է Պրիւքսէլի մէջ Արցախի բանաձեւի մասին լսումներուն

Horizon Weekly Newspaper

Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ 2 Ապրիլին տեղի կ’ունենան լսումներ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւին շուրջ, որ ամիսներ առաջ առաջարկուած է Պելճիքայի դաշնակցային պատգամաւորներ Էլս Վան Հուֆի եւ Միշէլ տը Մայեկթի կողմէն։

Բանաձեւին առանցքային կէտերէն են արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի հարցը, Ատրպէյճանի թշնամական հռետորաբանութիւնը եւ հայ գերիներու ազատ արձակումը։

Այս մասին Alpha News-ը զրուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի լրատուական կապերու պատասխանատու Արամ Գէորգեանին հետ:
«Այս բանաձեւին մէջ գերիներու մասին նոր կէտեր կան: Նշուած է, որ գերիները ազատ պէտք է արձակուին ու այս առումով ճնշում պէտք է բանեցուի Ատրպէյճանի վրայ:

Լսումներուն հրաւիրուած է Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը: Լսումներուն պիտի ներկայացուի Հայ Դատի գրասենեակի տեսակէտը», ըսած է Գէորգեան:

Ան անդրադարձած է նաեւ հայ գերիներուն Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատավարութիւններուն: «Պիտի խօսուի ոչ միայն գերիներու ազատ արձակման պահանջին, այլեւ Պաքուի մէջ անոնց կեղծ, շինծու դատավարութիւններուն մասին: Այդ դատական նիստերը գաղտնի կ’ընթանան ու մենք տեղեկութիւններ կը ստանանք միայն ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն միջոցով, որոնք կը գրեն այն, ինչ կ’ուզէ կառավարութիւնը», ըսած է Արամ Գէորգեան։