Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը 2018-ին Պիտի Շարունակէ Կազմակերպել Եւրոպացի Գործիչներու Այցը Արցախ
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը 2018-ին պիտի շարունակէ կազմակերպել եւրոպացի հասարակական, քաղաքական գործիչներու այցը Արցախ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ հանրութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեանը: Անոր խօսքով, այսօր Արցախի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը այնպիսին է, որ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ կը դառնայ Արցախի մէկ դեսպանը:
«Այն, ինչ մենք գիտենք Արցախի պետականութեան, ժողովուրդի եւ դժուարութիւններու մասին, պէտք է փոխանցել օտարներուն: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, կապի մէջ ըլլալով եւրոպացի շատ պատգամաւորներու հետ, անոնց եւ այլ հասարակական խումբերու այցելութիւնները դէպի Արցախ կը համարէ իր առաքելութեան հիմնական նպատակներէն: Այս օրերուն արդէն իսկ Հայ Դատի գրասենեակը կազմակերպած է Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Լարս Ատագդուսսոնի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը դէպի Հայաստան եւ Արցախ, ուր ան շարք մը քաղաքական հանդիպումներ ունեցաւ»,- ըսած է Շիրինեանը:
Անոր խօսքով, այս պատուիրակութիւններուն այցը կարեւոր կը համարուի անով, որ այդ գործիչները տեղւոյ վրայ կը ծանօթանան իրավիճակին, բացի այդ, անիկա կը նպաստէ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման, որ ձեւով մը նաեւ կը հակազդէ Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութեան:
«Այսպիսի ձեռնարկներու գործնական արդիւնքները հնարաւոր է միայն երկարաժամկէտ կտրուածքով ստանալ, սակայն անմիջական արդիւնքները եւս չեն ուշանար: Մէկ օրինակ կրնամ ներկայացնել` Պելճիքայի, Արցախի պատգամաւորներու բարեկամական խումբի ստեղծումը, որ տեղի ունեցաւ 2017 թուականի Հոկտեմբերին Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպած` Եւրոպահայոց 4-րդ համագումարի ծիրէն ներս Արցախի նախագահի ներկայութեամբ: Ի դէպ, նշուած բարեկամական խումբի մաս կազմող պատգամաւորները նախօրեակին ընդգրկուած էին Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ դէպի Արցախ այցելութիւն իրականացուցած պատուիրակութիւններու մէջ: Պէտք է նշել, որ այսպիսի խումբեր նաեւ գոյութիւն ունին Եւրոխորհրդարանի հետ եւ Ֆրանսայի ազգային ժողովի հետ»,- ըսած է Յարութ Շիրինեան:
Շարունակելով ներկայացնել ընթացիկ տարուան ընելիքները` Յարութ Շիրինեանը նշած է, որ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս պիտի աշխատին քանի մը ուղղութեամբ` Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի հետ կապուած արդարութեան պայքար, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պահպանում ու մեկուսացման նուազում:
«Իրականութեան մէջ, 2017-ին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, համայն աշխարհին ցոյց տալով իրենց իսկական դէմքը, անգիտակցաբար նպաստեցին Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն: Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքները յստակ են բոլորին: Նաեւ յստակ են Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութեան փաստերը եւ սահմանագօտիին յարձակողական ոճը: Այստեղ կ՝ուզեմ ընդգծել, որ 2018-ին մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ Եւրոպական քաղաքական դասակարգէն պահանջելը, որ ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ սահմանին հրադադարի խախտումներու հետաքննական կառուցակազմերը տեղադրելու նպատակով»,- ըսած է ան:
Ընթացիկ տարին Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ձեռնարկներ կը նախատեսէ նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով: Այս տօնը մեծ շուքով նշելու համար ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ շարք մը ձեռնարկներ կը նախատեսուին Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ` ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, համերգներ եւ այլն: