Եւրոպայի հայերը 1,23 միլիոն եւրօ կը ներդնեն Հեռուստամարաթոն 2017-ին

15-19 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հեռախօսամարաթոնը, որուն մասնակցեցան Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Յունաստանի տեղական մարմինները:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը յայտնէ, թէ 4 օր շարունակ Հիմնադրամի կամաւորները կը զանգահարէին եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ ներկայացնելով Հիմնադրամի՝ Նոյեմբերի 23-ին կայանալիք Հեռուստամարաթոն «Բերքառատ Արցախ»ը եւ նպատակները։

Աւելի քան 9900 եւրոպահայ ընտանիք եւ կազմակերպութիւն միացեր է հանգանակութիւններուն, եւ այսպիսով Եւրոպայի հայերու կողմէ կատարուած ներդրումը Հեռուստամարաթոն 2017-ին կը կազմէ 1,23 միլիոն եւրօ։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ Հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներու մէջ կը կազմակերպեն նմանօրինակ երեկոյթներ՝ գումար հաւաքագրելու համար։

«Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող մարաթոնի թեման Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրումը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.