Եւրոպական Խորհրդարանի 52 Պատգամաւորներ Կը Պահանջեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը

Վերջերս, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ կը տանի ծաւալուն աշխատանքներ, որոնք ՔՈՓ 29-ին ընդառաջ կը միտին բարձրացնել անոնց իրազեկուածութիւնը Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ բնապահպանական հարցերուն վերաբերեալ: Կատարուած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Եւրոպական խորհրդարանի 52 պատգամաւորներ ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որուն միջոցով Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն՝ անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, երաշխաւորելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը դուրս բերել Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:

Յայտարարութիւնը ստորագրած պատգամաւորները կը ներկայացնեն Եւրոպական խորհրդարանի հիմնական քաղաքական խումբերը. Անոնց մէջ կան նաեւ անկախ պատգամաւորներ:

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ ընդունուած յայտարարութեան առիթով Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատել տուաւ հետեւեալը. «Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն այս կոչը յստակ ազդանշան է` ուղղուած թէ՛ Ատրպէյճանին եւ թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան ՔՈՓ29-էն անմիջապէս առաջ: Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը շարունակաբար կ՛աշխատի խորհրդարանի անդամներուն հետ` յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած հարցերուն վերաբերեալ, եւ մենք երախտապարտ ենք անոնց, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին ընդհանրապէս` արդարութեան ձայնը ըլլալնուն համար: Աւելորդ է ըսել, որ Հայ Դատի գրասենեակը՝ իբրեւ եւրոպական համայնքային կազմակերպութիւն, պիտի շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի հաշուետուողականութեան եւ ազդեցիկ քայլերու մղէ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնները»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան հայերէն թարգմանութիւնը՝ ամբողջութեամբ.

«Յայտարարութիւն՝ Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ 29ին ընդառաջ

«Նոյեմբեր 2024ին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ 29 վեհաժողովին ընդառաջ, մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ, բացի կլիմայի վերաբերեալ ազդեցիկ եւ նշանակալից համաժողով ըլլալէ, անիկա նաեւ իր մէջ կը ներառէ հաւատարմութիւն՝ արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքներուն: Առ այդ, ընդունող երկրի, այս պարագային Ատրպէյճանի համար պէտք է առաջնահերթ ըլլայ հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն:

«Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Մայիս 2021էն սկսեալ ընդունուած համապատասխան բանաձեւերու եւ զեկոյցներու համաձայն` մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝

«- Անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները, պատանդները եւ գերիները, որոնց մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

«- Ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը, ներառեալ վանքերը եւ խաչքարերը մնան անձեռնմխելի ու զերծ «ալպանացումէն», ինչպէս նաեւ պատմութեան վերախմբագրումէն:

«- Ձեռնպահ մնալու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ սպառնալիքներէն եւ որեւէ յարձակումէ, դուրս բերելու Ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներէն:

«Աւելի՛ն, մենք՝ Եւրոպական խորհուրդին, յանձնաժողովին, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու գծով բարձր ներկայացուցիչին կոչ կ՛ուղղենք՝ նկատի ունենալու Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած վերոյիշեալ բանաձեւերը եւ գործելու անոնց ոգիին համապատասխան»:

Comments are closed.