Եւրոպական Խորհրդարանի 36 պատգամաւորներ ԵՄ-ին կոչ ուղղած են պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ
- (0)

Եւրոպական խորհրդարանի 36 պատգամաւորներ՝ խորհրդարանի տարբեր հիմնական քաղաքական խմբաւորումներէն, մարտի 11-ին պաշտօնական նամակ մը յղեցին Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասին՝ կոչ ընելով վերանայելու ԵՄ քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ սահմանելու համապատասխան պատժամիջոցներ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը։
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Մարի Թուսենի նախաձեռնութեամբ ուղարկուած նամակը կը վերաբերի վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու նկատմամբ վերջերս կայացուած ցմահ ազատազրկման դատավճիռներուն, ինչպէս նաեւ այն փաստագրուած տեղեկութիւններուն, թէ Ատրպէյճան կը նպաստէ Ռուսաստանին՝ շրջանցելու ԵՄ-ի սահմանած պատժամիջոցները։
Նամակին մէջ պատգամաւորները կը զգուշացնեն, որ առանց յստակ պայմանականութեան շարունակուող համագործակցութիւնը կրնայ վնասել Եւրոպական միութեան հեղինակութիւնը։ Անոնք նաեւ կը մատնանշեն Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները եւ Պաքուի կողմէ ԵՄ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու նկատմամբ դրսեւորուած թշնամական վերաբերմունքը։
Պատգամաւորները իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն նաեւ 2023 թուականի ռազմական գործողութիւններէն ետք ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին կապակցութեամբ՝ շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար ներկայիս գոյութիւն չունի վստահելի միջազգային տրամադրութիւն, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանուածներուն համար տնտեսական փոխհատուցման իրատեսկան մեխանիզմ։
Նամակագիրները կը շեշտեն, թէ ԵՄ-ը չի կրնար լուռ մնալ այն պարագային, երբ ամբողջ ժողովուրդի մը հիմնարար իրաւունքները կը խախտուին։ Անոնք կը յիշեցնեն նաեւ, որ Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովը արդէն ընդգծած է տեղահանուած անձերու կարգավիճակի հարցի լուծման եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հրատապութիւնը։
Եւրոպական խորհրդարանի անդամները ԵՄ ղեկավարութեան կոչ կ’ընեն ձեռնարկելու հինգ անհապաղ քայլերու՝ ներառեալ ԵՄ–Ատրպէյճան համագործակցութեան համաձայնագիրի մարդու իրաւունքներու մասով համապարփակ վերանայում, թիրախային պատժամիջոցներու կիրառում պատասխանատուներուն նկատմամբ, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան նախաձեռնում, ուժանիւթի ոլորտի համագործակցութեան կասեցում, եւ միջոցառումներ՝ կանխարգիլելու ռուսական նաւթի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցումը։
Պատգամաւորները դիտել կու տան, որ վերջին շրջանին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած քաղաքական լայն աջակցութիւնը Քայա Քալասին կու տայ յստակ քաղաքական հնարաւորութիւն՝ յայտարարութիւններէն անցնելու աւելի սկզբունքային քայլերու՝ պաշտպանելու մարդու իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները։