Երիտասարդ Ըմբիշ Լեովա Գէորգեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական խումբի անդամ Լեովա Գէորգեան երէկ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Արդարեւ, գերմանական Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի երիտասարդական ախոյեանութեան 125 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Գէորգեան, որ մրցեցաւ ազրպէյճանցի Այտըն Ահմատովի դէմ, արձանագրեց 11-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Նշենք, որ Գէորգեանէն առաջ Սերկէյ Սարգսեան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր, իսկ Լեւիկ Միքայէլեան` արծաթէ մետալակիր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.