Երեւան կը խոստանայ կանխարգիլել Ցեղասպանութիւնը՝ առանց 1915-ը եւ Արցախը յիշատակելու

Պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչ մը Երեքշաբթի՝ ՄԱԿ-Ի հաւաքի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաստատ կերպով պայքարիլ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար, զերծ մնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներկայ օրերու Արցախի ցեղային զտումը յիշատակելէ։

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին փոխնախարար Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան Ցեղասպանութեան ոճիրի զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան տասնամեակին նուիրուած ՄԱԿ-ի գերաստիճան հանդիպումի ծիրին մէջ է որ 9 Դեկտեմբերին ելոյթ ունեցած է, «Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային ոճրագործութեան կանխարգիլման կանուխ նախազգուշացում եւ կանուխ արձագանգ. համաշխարհային գործընկերութիւններու ամրապնդում» խորագիրով յարակից նախաձեռնութեան ընթացքին։

Հայաստանի արտաքին նախարարութենէն հաղորդեցին, որ Աբիսողոմոնեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ միջազգային իրաւունքի, համաշխարհային եւ շրջանային բազմակողմանի համակարգերու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործիքակազմի մը մշակումը եւ զարգացումը չեն յաջողած արդիւնաւէտօրէն կանխարգիլել ցեղասպանութիւնները եւ զանգուածային ոճիրները, իսկ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ պատերազմի միջոցներու եւ զէնքերու զարգացումը չեն նուազեցուցած անմեղ քաղաքային զոհերու թիւը։

Մարդածին աղէտներու կանխարգիլման պարունակին մէջ, Աբիսողոմոնեան լուսարձակի տակ առած է ժամանակին եւ համախմբուած արձագանգի ապահովման կարեւորութիւնը։ Իր խօսքին մէջ, Աբիսողոմոնեան անդրադարձաւ կանուխ նախազգուշացման եւ արձագանգման գործիքակազմերու հայեցակարգային հարցերուն՝ կարեւոր նկատելով գործառնական եւ քաղաքական բաղադրիչներու համահունչ գործունէութեան ապահովումը։ Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ 2024-ին Հայաստանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան ոճիրի» հինգերորդ միջազգային ֆորումին նշանակութիւնը։

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի բարեփոխումներու ծիրին մէջ համակարգային փո- փոխութիւններուն՝ Աբիսողոմոնեան ըսած է, որ՝ «դրանք պայմանաւորուած են բազմաթիւ գործօններով, այդ թուում՝ գլոբալ (համաշխարհային) եւ տարածաշրջանային պայմանաւորուածութիւնների խախտումների եւ պետութիւնների քաղաքականութեան ու առաջնահերթութիւնների անվտանգային բաղադրիչի աւելացման ֆոնին (խորապատկերին) ՄԱԿ-ի համակարգի շարունակական կենսունակութեան ապահովման անհրաժեշտութեամբ»։

Փոխնախարարը նաեւ չէ մատնանշած Արցախի հայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կազմակերպած ցեղային զտումը, երբ ան ըսած է. «Մարդու իրաւունքների կոպիտ խախտումների բացայայտումը եւ վերացումը, յատկապէս՝ խոցելի խմբերի նկատմամբ, պէտք է լինի կանուխ նախազգուշացման համակարգի մը հիմքը»։