ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԵՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախի հայաթափման և Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ օրըստօրէ լարուող ապահովական միջավայրի ու գոյութենական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններու քննարկման և համադրման, ինչպէս նաև ըստ անհրաժեշտութեան մարտավարական որոշակի վերանայումներ կատարելու համար, ՀՅԴ Բիւրոն հրաւիրած էր Հայ Դատի յանձնախումբերու և գրասենեակներու խորհրդաժողով, որ տեղի ունեցաւ այսօր՝ 25 Մայիսին, Երեւան:
Օրակարգի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան և առհասարակ հայ ժողովուրդին առջև ծառացած արտաքին հիմնական մարտահրաւէրներու քննարկումն էր, անոնց յաղթահարման համար Հայ Դատի համակարգի ներուժին նպատակային օգտագործումը։
Կը մասնակցէին աւելի քան քսան երկիրներէ ժամանած՝ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաև ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու և արարողակարգի բաժինի տնօրէն Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով, ապա մասնակիցներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատգամը:
Խորհրդաժողովին Ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Սրբազան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրո Մանոյեան:
Իր ելոյթին մէջ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Մեզ կը ստիպեն հրաժարիլ մեր անցեալէն, որպէսզի կառավարեն:
Դուք կ՚ապացուցէք, որ սեփական շահերը ճիշդ ձևակերպողը ոչ միայն մինակ չի մնար միջազգային ասպարէզին մէջ, այլ կը կարենայ նոյնիսկ ամենաանսպասելի տեղեր գտնել դաշնակիցներ: Հայրենիք ապրող հայը Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութիւնը կը նոյնացնէ հայկական շահերու պաշտպանութեան հետ»:
«ՀՅԴ կառոյցները, տարիներ շարունակ մեծ նպաստ բերած են Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին․ ես վկաներէն մէկն եմ», իր խօսքին մէջ շեշտեց Վարդան Օսկանեան:
Անոր համաձայն, մեծ անջրպետ կայ հայ ազգի շահերուն եւ Հայաստանի իշխանութիւններու շահերուն միջեւ, իսկ իշխանութեան նպատակը իր բերած արհաւիրքին խարանը ճակատէն սրբելը, ուրիշներ մեղադրելը, աթոռն ու իշխանութիւնը պահելն է։
Իր կարգին Բագրատ Սրբազան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, ընդգծելով, որ այդ հարցը պէտք է առկայ ըլլայ մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։
«Մեզի համար, որպէս ազգ, շատ կարևոր է յատկապէս Ցեղասպանութեան հարցը, որովհետև մեր բոլոր խնդիրները այս պահուն անխուսափելիօրէն կ՚ածանցուին անկէ, ուստի պէտք է զգացական ու լոկ պահանջատիրութեան դաշտէն տեղափոխուի համակարգային բանականութեան դաշտ, տարածուի մեր կեանքի բոլոր շերտերուն, ոլորտներուն մէջ՝ որպէս գաղափարաբանութիւն», ըսաւ ան:
Իր ելոյթին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան յայտարարեց. «Մեզի համար Արցախի հարցը ոչ միայն փակուած չէ, այլ վերջին «պատերազմը» պարզապէս ճակատամարտի կորուստ է, և մենք ամէն գնով պիտի պաշտպանենք Արցախի իրաւունքները»:
«Արցախցիներուն համար առաջնայինը իրենց վերադարձի իրաւունքի հարցն է Արցախ», իր խօսքին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պոլուզեան:
Խորհրդաժողովի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրո Մանոյեան յայտարարեց. «Ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարքն ու խոչընդոտները պէտք է յաղթահարենք, այլև հայրենի պետութեան, իշխանութեան հակազգային քաղաքականութիւնը»:
Անոր համաձայն, ՀՀ իշխանութիւններու վարած այս հակապետական քաղաքականութիւնը խնդրայարոյց է յատկապէս երբ օտարներ կը մատնանշեն զայն․ «Խնդրայարոյց է ան, երբ օտար շրջանակներ, մատնանշելով ՀՀ գործող իշխանութիւններու այդ կեցուածքները, կը հիմնաւորեն իրենց կրաւորական կամ նոյնիսկ բացասական կեցուածքը։ Ասիկա կարելիութիւն կու տայ ըսելու, որ եթէ ձերինները այսպէս կ՚ընեն, մենք իրենցմէ աւելի հայ պիտի չըլլանք»։
Խորհրդաժողովի ընթացքին մասնակիցները հարցազրոյցներ տուին զանազան լրատուամիջոցներու:

Comments are closed.