Երեւանի Մէջ ընթացք առաւ «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Միջազգային Համաժողովը
12 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5րդ համաշխարհային համաժողովը, որ ցեղասպանութեան յանցագործութիւններու քննարկման օրակարգով արդէն հինգերորդ անգամն ըլլալով Երեւանի մէջ կը համախմբէ քաղաքական գործիչներ, միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ոլորտի յայտնի գիտնականներ, դատաւորներ, իրաւապաշտպաններ եւ քաղաքական հանրութեան ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւններու մասին աւելի շատ սկսած է խօսիլ եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ անոնք արդէն իսկ իրականացած փաստեր են:
Ան լուսարձակի տակ առաւ միջազգային հանրութեան ջանքերու արդիւնաւէտութեան պակասը կամ հաւաքական անկարողութիւնը՝ կանխելու աշխարհի մէջ տեղի ունեցող եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնները:
«Անգամ օրեր առաջ, Դեկտեմբերի 9ին՝ ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օրը, անգամ դրանից երեք օր առաջ, անգամ դրանից երեք օր յետոյ, այսօր աշխարհի տարբեր անկիւններում եւ յատկապէս զինուած հակամարտութիւնների գօտիներում ականատես ենք լինում ցեղասպանական գործողութիւնների դրսեւորումների ազդակների, որոնք խօսում են մարդկութեան դէմ հասունացող նոր յանցագործութիւնների մասին: Ցաւօք, միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւնների եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւնների մասին սկսում է աւելի շատ խօսել եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ դրանք արդէն իսկ կայացած փաստեր են», ըսաւ Միրզոյեան, որ հաստատեց, թէ տարածաշրջանին մէջ ասոր ականատեսը եղած ենք ոչ միայն շուրջ 110 տարի առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, այլ նաեւ բառացիօրէն նախորդ տարի Արցախի մէջ, երբ կը թուէր, որ աշխարհին տեսանելի են բաւարար վտանգաւոր գործօններ, որոնք կրնան յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու:
«Ցաւօք, մենք անկարող եղանք կանխել եւ այսօր ականատես ենք այդ անդառնալի հետեւանքներին: Սա այն օրինակներից է, երբ միջազգային կառոյցների արձագանգը հաւասարազօր չէ ռիսկի (վտանգի) գործօններին եւ տեղում ստեղծուած իրավիճակին: Նշուած ռիսկի գործօններից ամենաէականը՝ ատելութեան տարածումը, ի վերջոյ ատելութեան խօսքից վերածուեց յանցագործութեան: Հայերի վերաբերեալ բերածս օրինակը տարածւում է բոլոր այլ ցեղասպանութիւնների եւ զանգուածային ոճրագործութիւնների իրականացման հանգամանքների եւ պատճառների վրայ, քանի որ այս յանցագործութեան հիմքերը, ազդակները, ռիսկի գործօնները բաւականին միանման են», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան շեշտեց, որ աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակը եւ ցեղասպանութեան վտանգաւոր միտումները պէտք է ստիպեն՝ գտնելու մարդոց կեանքերը փրկելու առաւել արդիւնաւէտ ուղիներ: Ազգային եւ ցեղային խումբերու պաշտպանութեան ապահովումը պէտք է շարունակէ ըլլալ մարդու իրաւունքներու միջազգային համակարգի ուշադրութեան կեդրոն: Ըստ Միրզոյեանի՝ միաժամանակ հասկնալի է, որ այդ առումով յաջողութեան միակ գրաւականը միջազգային սերտ համագործակցութիւնն է, որոնց կարգին՝ ՄԱԿի կառոյցներու, տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, անդամ երկիրներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ այլ դերակատարներու միջեւ, ինչ որ ընդհանուր պատասխանատուութեան տակ կը դնէ բոլորը:
«Իմ ելոյթում հնչած գնահատականները խնդրում եմ ընկալել որպէս կոչ՝ մէկտեղելու բոլորիս կամքը, գիտելիքները եւ հաստատակամութիւնը՝ պայքարելու ցեղասպանութիւնները կանխարգելելու ուղղութեամբ: Միայն համախոհութիւնն է, որը թոյլ կը տայ յաղթահարել յուսահատութեան շղթան եւ պայքարել իրաւունքահէն աշխարհակարգի վերականգնման ուղղութեամբ: Խօսքս ցանկանում եմ աւարտել ցեղասպանութեան կանխարգելման բանաձեւի մի շատ կարեւոր դրոյթով «Բոլոր ժողովուրդներն իրենց ներդրումն ունեն քաղաքակրթութիւնների եւ մշակոյթների բազմազանութեան եւ հարստացման գործում, ինչը եւ կազմում է մարդկութեան ընդհանուր ժառանգութիւնը«: Իսկ այդ ժառանգութեան պաշտպանութեան գործը իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է», եզրափակեց Միրզոյեան:
«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաժողովի մասնակցողներուն ուղերձ յղեց նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ, որ շեշտեց, թէ պէտք է ուժեղացնել կանխարգիլման գործիքները՝ ներառեալ կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ հակազդել ապատեղեկատուութեան, որ կրնայ խթանել ատելութեան խօսքը, ցեղասպանութեան մտադրութիւնները եւ գործողութիւնները: Այսօր, «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատժելու մասին» համաձայնագիրը ընդունելու 76րդ տարեդարձն է: Անիկա ընդունուած է Ողջակիզման աներեւակայելի սարսափներուն իբրեւ արդիւնք, գրաւական է ցեղասպանութենէն տուժածներուն եւ վերապրածներուն՝ ապահովելու, որ այս վայրագութիւնները երբեք չկրկնուին: Դժբախտաբար, պառակտումներով, անվստահութեամբ եւ բռնութեամբ պատուած աշխարհի մէջ ցեղասպանութեան մութ ուրուականը տակաւին մեզի հետ է», ըսաւ Կութիերեշ:
Յանուն ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրածներուն՝ բոլոր կառավարութիւնները, ըստ Կութիերեշի, պէտք է վաւերացնեն եւ ամբողջութեամբ գործադրեն համաձայնագիրը՝ պատասխանատուութեան ենթարկելով մեղաւորները:
Ան շեշտեց, որ պէտք է իրականացնել Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները համաձայնագիրի կիրարկման վերաբերեալ, պէտք է ամէն ինչ ընել նախազգուշացնող նշանները բացայայտելու եւ ահազանգելու համար: «Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրածները յարգելու լաւագոյն միջոցը այս դաժան յանցագործութիւնը կանխելու վերաբերող գործողութիւններու աշխուժացումն է», շեշտեց ՄԱԿի Կութիերեշ:
ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատար Վոլքըր Թիւրք իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ոճրագործութիւնները կանխելու կարեւորագոյն միջոցն է, որ բոլոր կառավարութիւնները եւ հակամարտող կողմերը լիովին յարգեն միջազգային իրաւունքը: «Որովհետեւ այս ծանրագոյն յանցագործութիւնները առանց պատճառի չեն ծնիր. անոնց կը նախորդեն համակարգուած խտրականութիւն, ատելութեան հրահրում եւ բացառման օրինաչափութիւն՝ հիմնուած ցեղային, ցեղապաշտական, կրօնական կամ այլ յատկանիշներու վրայ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու այլ կոպտագոյն խախտումներ», ըսաւ Թիւրք, որ նաեւ շեշտեց, որ այսօր բազմաթիւ պետութիւններ կը ձախողին իրենց պարտականութիւններու կատարման մէջ:
«Հայաստանի այս կարեւոր հարթակէն ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր երկիրներուն՝ հաւատարիմ մնալու, պահելու պատերազմի կանոնները եւ խթանելու անոնց կիրարկումը», շեշտեց Թիւրք:
Ան նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութիւններուն՝ գործակցելու միջազգային յանցագործութեան, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ չարաշահումներու հետաքննութեան եւ հետապնդման ճիգին, ինչ որ կ՛ենթադրէ հետեւողականօրէն աջակցիլ հաշուետուողականութեան միջազգային գործիքակազմերուն՝ ներառեալ Միջազգային քրէական դատարանին, բոլորովին յարգել անոնց որոշումները:
«Այդ կը նշանակէ՝ քննել ներկայի քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերուն տրամադրուող աջակցութիւնը՝ պատրաստ ըլլալով դադրեցնելու զայն, եթէ այդ աջակցութիւնը միջազգային իրաւունքի լրջագոյն խախտումներուն նպաստող յստակ վտանգներ կը պարունակէ: Մենք բոլորովին ալ անզօր չենք՝ կանխելու եւ նուազեցնելու ցեղասպանութեան ու այլ ոճրագործութիւններու վտանգը: Ազգային եւ տարածաշրջանային ռազմավարութիւններ՝ ատելութեան խօսքին դէմ ուղղուած, նախորդ ցեղասպանութիւններուն մասին իրազեկուածութիւն, ցեղապաշտական, կրօնական եւ ատելութեան այլ ձեւերու հրահրման հակազդող միջոցառումներ. այս բոլորը նախայարձակ քայլեր են, որոնց կը ձեռնարկեն կառավարութիւնները եւ հանրուութիւնները՝ իմ գրասենեակիս եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աջակցութեամբ», ըսաւ Թիւրք, ըստ որուն, բոլորն ալ պարտաւոր են ստանձնեուլ խաղաղութեան մշակոյթ ձեւաւորելու յանձնառութիւնը՝ մարդու իրաւունքներու ու մարդկային արժանապատուութեան վրայ հիմնուած:
«Կոչ կ՛ուղղեմ այս ֆորումի մասնակցողներուն՝ աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ցուցաբերելու այս բոլոր ջանքերուն մէջ այս բեկումնային ժամանակներուն», եզրափակեց Թիւրք:
Comments are closed.