Երեսունվեց Ամեակ. Սկիզբ Արցախեան Շարժման
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի ժողովուրդը երեսունվեց տարի առաջ, 20 փետրուար 1988-ին որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ վերամիաւորուիլ մայր հայրենիքին:
Աւելի առաջ, նախորդող տասնամեակներուն, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս պարբերաբար դիմած էին խորհրդային իշխանութիւններուն` Արցախը Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորուելու խնդրանքով:
Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին սկսաւ ստորագրութիւններու զանգուածային հաւաք` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորելու պահանջով: Հաւաքուեցաւ շուրջ 80 հազար ստորագրութիւն:
Ստեփանակերտի մէջ 13 փետրուար 1988-ին տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, Արցախը Հայաստանի միաւորելու պահանջով:
Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտահերթ նիստը տեղի ունեցաւ 20 փետրուար 1988-ին, Ստեփանակերտի մէջ: Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան համաձայն որոշում ընդունուեցաւ դիմել ազրպէյճանական եւ հայկական խորհրդային հանրապետութիւններու գերագոյն խորհուրդներուն, անոնց միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն Խորհրդային Հայաստանի կազմ վերադարձնելու պահանջով:
Նոյն օրը Երեւանի մէջ սկսան արցախահայութեան զօրակցութեան ցոյցեր:
Արցախեան շարժման նկատմամբ Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը բացասական էր: Ազգային շարժումը կրնար տարածուիլ միութենական միւս հանրապետութիւններուն մէջ: Համայնավար կուսակցութեան կենտկոմի քաղբիւրոն փետրուար 21-ի որոշումով արցախահայութեան պահանջը բնութագրեց իբրեւ ազգայնամոլներու եւ ծայրայեղականներու սադրանք:
Արցախեան շարժումը ղեկավարներու համար Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ կազմկոմիտէ, այնուհետեւ ալ` «Ղարաբաղ» կոմիտէին` Իգոր Մուրատեանի նախաձեռնութեամբ:
Քրեմլինի Արցախեան շարժումը փորձեց լուծել իբրեւ ընկերային-տնտեսական խնդիր եւ որոշեց Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին 400 միլիոն ռուբլի տրամադրել: Սակայն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հետագային այդ գումարը օգտագործեց ազրպէյճանական բնակավայրերու զարգացման նպատակով:
Պաքուի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի, Սումկայիթի եւ յարակից բնակավայրերու մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ փորձառու, մարզուած, մասնագէտ ահաբեկիչներ կեդրոնացուցին, պատրաստուելով ջարդերով հակադարձելու հայոց պահանջատիրական ելոյթներուն:
1988 փետրուար 27-էն 29 Սումկայիթի հայերը ջարդի ենթարկուեցան: Այնուհետեւ ջարդուեցան եւ բռնագաղթուեցան Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի հայերը:
1988-էն մինչեւ 1991-ի ապրիլ, ազերի զինուած խմբաւորումներու եւ խորհրդային ներքին զօրքերու ստորաբաժանումներու սանձարձակ յարձակումները, անձնագրային ռեժիմի պահպանման քողի տակ կատարուած ձերբակալութիւնները, բռնութիւններն ու սպաննութիւնները դիմագրաւելու համար Արցախի հայութիւնը դիմեց զինուած ինքնապաշտպանութեան:
Արցախեան ազատամարտը 1994 մայիսին աւարտեցաւ յաղթանակով: Սակայն 2020-ի քառասունչորսօրեայ պատերազմին աւարտեցաւ Արցախի մեծ մասի կորուստով, իսկ 2023-ին` ամբողջական հայաթափումով:
Comments are closed.