Երբ Ջնջենք Մայիս 28-ն Մեր Պատմութենէն
Սեդօ Պոյաճեան
Մայիս 28-ն մեր պատմութենէն ջնջելու փորձը նոր չէ։ Այդ փորձը այդքան հին է, որքան պոլշեւիկներու տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ։ Այդ փորձը նաեւ այդքան արդիական է, որքան են վերանկախացած Հայաստանի յաջորդական ղեկավարները։
Բայց պահ մը վերցնենք Մայիս 28-ն մեր պատմութենէն։ Զայն դուրս հանենք մեր ազգային կեանքէն ու հաւաքական յիշողութենէն։ Այսինքն, չեղաւ, գոյութիւն չունի Մայիս 28։ Ի՞նչ կը ստանանք իբրեւ Հայաստան եւ հայութիւն։
Նախ չենք ունենար այն պատառիկ մը հող Հայաստանը, որ ունինք այսօր։ Մեծ Հայաստանի նման, այդ պատառիկ մը հողը բաժան-բաժան այսօր ենթակայ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տիրապետութեան։ Իբրեւ հայկական հող, թերեւս մնայ միայն Երեւանի մէկ մասը՝ որպէս սովետական, Ռուսական կամ թրքական մարզ։
Ապա, չենք ունենար այն բուռ մը հայութիւնը, որ ունինք այսօր իբրեւ համախումբ հայութիւն՝ Հայաստանի մէկ պատառիկ հողին վրայ։ Առանց Մայիս 28-ի, այսօրուան բուռ մը հայութիւնը տարտղնուած գոյութեամբ ենթակայ պիտի ըլլայ Թուրքին, Ռուսին, Ազերիին եւ Վրացիին։ Այդ բուռ մը հայութեան այսօրուան համրանքը եւս պիտի չմնայ նոյնը։ Անոր համրանքին մեծ մասը գոյութիւն պիտի չունենայ առ ի հետեւանք սպանդի, գաղթի, օտարացումի, այլասերումի…։
Մէկ խօսքով, առանց Մայիս 28-ի, այսօր գոյութիւն պիտի չունենայ ո՛չ Հայաստան, ոչ համախումբ հայութիւն։
Մայիս 28-ն միակ նուաճումն, որ ապահովեց ու պահպանեց մեր հայրենական հողի եւ ժողովուրդի գոյութիւնը։ Մայիս 28-ն միակ պատուանդանն է, ուրկէ մեր ժողովուրդը պիտի ընթանայ դէպի ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի։
Հակառակ Մայսի 28-ի փաստին, Հայաստանի պոլշեւիկ թէ նորելուկ իշխող դասակարգը պիտի փորձէ ջնջել զայն մեր պատմութենէն եւ մեր յիշողութենէն։ Անոնք պիտի շարունակեն փորձել նսեմացնել ու մոռացութեան տալ Մայիս 28-ն։
Անոնք կարող են փորձել եւ շարունակել նոյն փորձը։ Անոնք կարող են այս բոլորը ընել։ Կարող են…, ա՛յո, կարող են եւ շատ այլ բաներ ընել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Բայց, անոնք կարող չեն Մայիսի 28-ին նոյն ընել։
«Կարող են մարդիկ խախտել լեռներին
Ու բազկի ուժով սանձել գետերին.-
Բայց ո՞վ է կարող
Ժամանակների վճիռը եղծել,
Եւ դիւցազնութեան կապոյտ երկնքում
Շողացող աստղին վարագոյր քաշել…»
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ, «Թուղթ առ Երեւան»
Մայիս 28-ն Հայաստանի գոյութեան շողացող աստղն է, հայութեան պահանջատէր երթը լուսագծող յաւերժական ջահն է։
Հիմա կրկին շարունակեցէք ձեր փորձերը նսեմացնելու, մոռացութեան տալու Մայիս 28-ն։
Պիտի ձախողիք, ինչպէս ձախողեցաք անցեալին։
Պիտի ընկրկիք, ինչպէս ընկրկեցաք անցեալին։