Երբ լրջախոհ ղեկավարը՝ կը խելագարուի, Ի՛սկ ամբոխը կը դառնայ՝ խոհական
Այսօրուան նորութիւնը, որ առհասարակ մեր ուշադրութեան կիզակէտին կը ներկայացուի, ներքին եղբայրասպան կամ քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքի շեփորի ոտնաձայնն է։ Առաջին նախագահի Լ.Տ.Պ. բերնով արտասանուած այս գնահատականը, որտեղ կը վկայակոչէ վաղեմի իր գործակիցին Վ.Մ.-ի բերնով արտասանուած հրապարակային կարգ մը արժեւորումներ, որոնց լոյսին տակ կը բնորոշէ քաղաքացիական պատերազմի պատուհասը՝ մեր դարպասներուն առաջ կանգնած ըլլալու ծանրակշիռ մեկնաբանութիւններ: Այս արժեւորումները, վարպետօրէն հիւսուած ու պատճառաբանուած տրամաբանութեամբ կը ներկայացուին հայ հանրային կարծիքին՝ «անմեղականութեամբ» ուղղորդելու զայն այդ ընտրանքին առաջ:
Առաջին նախագահը, «Հա՛մ նալին, հա՛մ սալին» հարուածելով ճամբայ կը բանայ այն վարկածին, որ շիկացած յետ պատերազմի քաղաքական առօրեայի վախճանը հոն պիտի եզրայանգուի, ընդդիմարգելներու (պարիքատներու) լեզուով եւ խռովարար անհակակշռելի կացութեան ամրակայմամբ հասարակութեան միջեւ: Ինք քաջածանօթ ըլլալով վաղեմի նոյնանման թատերգութիւններու սենարներու հեղինակային իրաւունքներուն, ի տարբերութիւն նախորդներուն, այս անգամ մեղսակցութեան մեծ բաժինը կը վերապահէ ընդդիմութեան հասցէին:
Ընդդիմութիւնը իր զանզան շերտաւորումներով, պարլամենտական եւ արտա-խորհրդարանական, շատ յստակ առաջադրանքներով եւ ուղերձներով կը ներկայանայ հայ հասարակութեան՝ ընդգծելով, որ գործող իշխանութեան ներկայացուցիչի ճանապարհային 6 ամսեայ քարտէզը եւ այդ պորտակապէն ծնելիք տխեղծ երեխան, ճօճելով պարտուողականութեամբ հիւսուած խանձարուրին մէջ, մերժելի է ըստ ամենայնի, ու պարտադիր հանգամանք է, որ օր առաջ վնասազերծել պարտուողական «յայտարարութեան» առթած երեւելի եւ աներեւոյթ ականները:
Մինչ այդ, պէտք է ընդունինք այն ուշագրաւ իրողութիւնը, ուսանելի երեւոյթը, որ Հայ հասարակութիւնը բարձր գիտակցութիւն եւ ազգային քաղաքացիական օրինակելիութիւն ցուցաբերեց պատերազմի 44 օրերու տեւողութեան: Այսպէս, Մամուլի եւ հասարակական գործիչներու ստուար թիւ մը, իր գնահատականները եւ երբեմն արդար ցասումով զայրոյթը խեղդեց իր կոկորդին մէջ, երբ հասկացողութեամբ կուլ տուաւ վարչական-պետական բացթողումները ու զինուորական-քաղաքական ընկրկումները, անսալով միասնականութեան եւ պատերազմական մթնոլորտներու ընթացքին՝ գերազանց զգօնութիւն ցուցաբերելու հրամայականներուն, ամուր պահելով թիկունքը ու ներքին ճակատը։
Այսօր ե՛ւս, նոյն ալիքաւորումով՝ խաղաղ ճանապարհներով, ընդդիմութիւնը քաղաքակիրթ ոճ դրսեւորերով, կը փորձէ կառուցողական քայլերով, ըլլա՛յ փողոցի, ըլլա՛յ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու խօսափողով հանդէս գալով, ներկայութիւն արձանագրել, մերժելով գռեհկութեամբ թաթախուած նետուած ամէն ձեռնոցները, չներքաշուելով ազգամիջեան պառակտիչ թակարդին մէջ:
Այս ժամկէտով, թէեւ պատերազմը աւարտած չենք կրնար համարել, սակայն կը մերժենք, որ այս ճակատագրական պահերուն կաղապարուին մեր մտքերուն մէջ, նման Արծրուն Յովհաննէսեանական 44 օրեայ ճեպազրոյցները յիշեցնող գնահատականներ, որոնց ընդմէջէն փորձ կատարուեցաւ հասարակութիւնը հաշտեցնել պարտութիւն բառի նոր սահմանումով, հարստացնելով Աճառեանի բառարանները, բացատրելով որ «ո՛չ մի կորուստ, ո՛չ մի նահանջ դեռ պարտութիւն չէ, ամէն ինչ կորցրած չէ, եթէ գիտակցութիւնդ պայքարում է», այս մէկը երբ Շուշիի չորս դին օրհասական մարտեր կ’ընթանային: Իրապաշտութիւնը խառնելով ապատեղեկատուութեան հետ, կարելի չէ հաղորդակցիլ ազգային լինելիութեան դէմ հանդիման կանգնած քաղաքացիին հետ:
Վերջապէս, ընդդիմութեան Ժամկէտային լեզուն, ներկայացուած վարչապետի հրաժարականի հարցով, պէտք է ըմբռնել որպէս յուշագիր, եւ ո՛չ թէ վերջնագիր կամ սպառնալիք: Վերջին հաշուով, խորհրդարանական կայանալիք ընտրութեան արդիւնքն է, որ պիտի ճշդէ ժողովուրդի հակումներն ու ճաշակը՝ յստակացնելով, որ մենք գործ ունինք կա՛մ կողմնացոյցը կորսնցուցած ամբոխի հետ, կա՛մ մշակուած եւ քաղաքակիրթ հասարակութեան մը տեսակին հետ, որուն համար ազգի ու հայրենիքի լինելիութիւնը առաջնահերթութիւն է, իսկ արժանապատիւ հայու կերպարի պահպանումը՝ գերխնդիր:
Կա՛մ կը փրկենք մեր ուրոյն արժանապատուութիւնը եւ առ այդ քաղաքականութիւն կը խաղանք, կա՛մ կը դառնանք խամաճիկ մեծապետական մրցակցութեան յորձանուտին մէջ։ Ա՛յլ ելք չունինք:
Ամէն օրէ աւելի պէտքը ունինք պետական մտածողութեամբ լրջախոհ քաղաքական ղեկավարներու դերակատարութեան ու խոհական՝ գիտակից ամբոխի աներկբայ ներկայութեան:
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ- Գանատա