Եպիսկոպոսաց ժողովը սկսաւ իր աշխատանքերը Աւստրիոյ մէջ

Փետրուար 17-ին, Աւստրիոյ Սանկտ Փյոլթըն քաղաքին մէջ իր աշխատանքները սկսաւ Եպիսկոպոսաց հաւաքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ենթակայ քսանհինգ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, ներառեալ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւններէն ներկայացուցիչներ։

Եպիսկոպոսաց հաւաքի դիւանէն կը տեղեկացուի, թէ հաւաքը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Ապա ժողովականներուն հայրական խօսքն ու պատգամը առցանց փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Այնուհետեւ մասնակիցներուն իրենց ուղերձները յղեցին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանն ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։

Օրակարգի քննարկումէն եւ հաստատումէն ետք ընտրուեցաւ դիւանը՝ Եպիսկոպոսաց հաւաքի յետագայ աշխատանքները վարելու համար։

Նոյն օրը, Սանկտ Փյոլթընի Մայր Տաճարին մէջ, եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն առիթով իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սանկտ Փյոլթընի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Ալոիս Եպիսկոպոս Շվարցը։

Յիշեցնենք, թէ իշխանութիւնները Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներու եւ արքեպիսկոպոսներու, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի նկատմամբ՝ երկրէն դուրս ճամբորդելու արգելք սահմանած են։ Այդ պատճառով, անոնք հաւաքին մասնակցեցան առցանց։

Նշենք նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, որ միացած էր իշխանութիւններուն կողմէ Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւին՝ եւս կը մասնակցի հաւաքին։