ԵՄ-ն կը նախատեսէ ազատականացնել Հայաստանէն արտածումներուն 80 տոկոսը

ԵՐԵՒԱՆ — Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ ազատականացնել Հայաստանէն դէպի ԵՄ արտածումներուն շուրջ 80 տոկոսը, Երեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն դեր Լայէն։

Ֆոն դեր Լայէն նշեց, որ Պրիւքսէլ առաջադրած է Առեւտրական ինքնավար միջոցառումներու ծրագիրը, որուն հիմամբ հայկական ապրանքներու մեծ մասը պիտի կարենայ եւրոպական շուկայ մուտք գործել առանց մաքսատուրքերու եւ քանակական սահմանափակումներու։ Ան, սակայն, չյստակացուց, թէ այս արտօնեալ պայմանները երբ ամբողջութեամբ ուժի մէջ պիտի մտնեն։

Փաշինեան ողջունեց ԵՄ-ի նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով, որ Երեւան կ՚ակնկալէ որոշման արագ ընդունումը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ բերքահաւաքի շրջանը արդէն սկսած է։ Ան աւելի ուշ կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց, թէ արտածման խնդիրը «քաղաքական մակարդակի վրայ» կարելի է լուծուած համարել, իսկ գործնական փուլը արդէն հայկական կողմի աշխատանքն է։

Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահը իր կարգին ըսաւ, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ Ռուսաստանի կողմէ «նշանակալի տնտեսական ճնշում» եւ վստահեցուց, թէ նման պարագաներու Եւրոպական Միութիւնը կը սատարէ իր գործընկերներուն։ Ան յայտարարեց նաեւ, որ շուտով Հայաստանին պիտի տրամադրուի յաւելեալ 18 միլիոն եւրօ՝ առեւտուրը ամրապնդելու եւ հայկական գործարարութեան արտածման կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով։ Այդ գումարը մաս կը կազմէ 52 միլիոն եւրոյի աջակցութեան փաթեթին, որ քննարկուած էր յունիսի սկիզբը։

Պրիւքսէլի այս աշխուժացումը կը ներկայացուի իբրեւ տնտեսական աջակցութիւն եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացման քայլ։ Միեւնոյն ատեն, ԵՄ-ի նման արագացուած քաղաքական եւ տնտեսական ներկայութիւնը Հայաստանի ընտրական եւ ներքաղաքական զգայուն փուլերուն մէջ անխուսափելիօրէն հարցեր կը յառաջացնէ արտաքին դերակատարներու ազդեցութեան սահմաններուն մասին։

Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւն այսօր աւելի մօտ են, քան երբեւէ, սակայն միաժամանակ պնդեց, որ Երեւան նպատակ չունի ճգնաժամ ստեղծելու Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը պիտի գործէ Հայաստանի շահերէն մեկնելով՝ առանց որեւէ միջազգային գործընկերոջ շահերը Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն վեր դասելու։