Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի պատասխանատու նշանակուեցաւ Գարլա Խիճոյեանը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատու նշանակուեցաւ Գարլա Խիճոյեանը։ Շրջանի որպէս պատասխանատու անոր պարտաւորութիւնները կ՚ընդգրկեն եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու մշակում, Միջին Արեւելքին առնչուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներու ճշդում ու հետապնդում, ինչպէս նաեւ յատուկ նախաձեռնութիւններու իրագործում։

Գարլա Խիճոյեանի եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու Ուսանողական Միութեան (ՀԵՀՈՄ) ատենապետուհին, Լիբանանի քրիստոնեայ միութեան ատենապետուհին եւ համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ։ Ան տարբեր առիթներով երիտասարդութեան առնչուած միջ-եկեղեցական ժողովներուն մեր Ս. Աթոռը ներկայացուցած է, իսկ անցնող ութ տարիներուն ընթացքին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի երիտասարդաց բաժնի պատասխանատուի պաշտօնը վարած է։

Խիճոյեան ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Ճեմարանին մէջ (Լիբանան) եւ կը տիրապետէ արաբերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներուն։

8 սեպտեմբեր 2017-ին, Գարլա Խիճոյեանը ներկայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ստանալու իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով այս կարեւոր պաշտօնին իր նշանակումը ու գնահատելով իրկատարած աշխատանքը՝ մաղթեց որ ան շարունակէ վերանորոգ նուիրումով ներկայացնել Հայ Եկեղեցին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.