Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ. «Կը Պահանջենք Անյապաղ Ազատ Արձակել Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները»

Horizon Weekly Newspaper

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն կատարած է` պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները: Յայտարարութիւնը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ հնչեցուցած է խորհուրդի միջեկեղեցական աստուածաբանական կրթութեան ծրագիրի ղեկավար, փրոֆ. դոկտ. Անի Ղազարեան- Տրիսին:

«Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ հայ անհատներու շարունակական ապօրինի կալանքի վերաբերեալ: Մարդիկը իբրեւ պատանդ վերցնելն ու պահելը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու, ներառեալ Ժընեւի ուխտի լրջագոյն խախտում է», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ 2020 թուականի նոյեմբերէն մինչեւ 2023 թուականի հոկտեմբեր Ազրպէյճանը անօրինական կերպով գերեվարած է առնուազն 23 հայ, ներառեալ քաղաքայիններ, նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներ, զինուորականներ:

«Անոնցմէ շատերը, ինչպէս փաստագրած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնները, ենթարկուած են խոշտանգումներու եւ նուաստացնող վերաբերմունքի: Մենք կը վերահաստատենք ապօրինի կալանաւորուած բոլոր անձերը անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու պահանջը: Անձերու երկարատեւ կալանքը, որ կ՛ուղեկցուի իրաւական պաշտպանութեան խախտումներով, կը խաթարէ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ հաշտեցման ջանքերը», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ` ձեռնարկելու բոլոր կարելի քայլերը` ապահովելու համար հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ կը յորդորէ բոլոր կողմերուն` կատարելու իրենց իրաւական պարտաւորութիւնները միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ:

«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ եկեղեցիին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այս կացութենէն տուժած բոլոր մարդոց, եւ կը վերահաստատէ արդարութեան ու խաղաղութեան ուղղուած յանձնառութիւնը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: