ԵԱՀԿ դիտարկում Արցախի և Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանային գիծին մօտ

Յունուար 15-ին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի դիտարկում կատարած Արցախի և Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանային գիծին մօտ՝ Մարտակերտի շրջանի Լևոնարխ գիւղէն դէպի հարաւ-արևելք հատուածին մօտ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) և անձնական օգնական Սայմըն Թիլերը (Մեծն Բրիտանիա):

Հակառակ կողմէն դիտարկումը կատարած են ԵԱՀԿ դաշտային օգնական Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա) և Մարթին Շուսթըրը (Գերմանիա):

Դիտարկման ընթացքին ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ դիտորդներուն չէ բերած առաջապահ դիրքեր:

Արցախեան կողմէն դիտարկման ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան և պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.