Դիմադրութեան Երթը` Դէպի Գլխաւոր Դատախազութիւն
12 մայիսին շարունակեց իրազեկման անհնազանդութեան ինքնաշարժներու երթը Երեւանի փողոցներուն մէջ, որոնք կաթուածահար եղան: Երեւանի մեթրոյին մէջ ալ փակցուեցան Փաշինեանի լուսանկարով սթիքըրներ:
Երեկոյեան Ֆրանսայի հրապարակէն մեկնարկեց շարժման հանրահաւաքը, որուն յաջորդեց քայլարշաւ դէպի դատախազութեան շէնք, ուր համախմբուած էին նահատակ հերոսներուն ծնողները, որոնք կը պահանջէին ձերբակալել Նիկոլ Փաշինեանը:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ըսաւ, որ կ՛երթան դատախազութեան մօտ հերոսներու ծնողներուն աջակցութիւն յայտնելու, որովհետեւ անոնց պահանջը արդար է:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Ղազինեան յայտարարեց. «Մենք հոս ենք յայտնելու մեր համերաշխութիւնը, մարդկային ու հայկական աջակցութիւնը իրենց` բնութեան մէջ ամէնէն արդար պայքարին: Անոնք կ՛ուզեն մէկ բան` պատժել իրենց որդիներուն անժամանակ ողբերգական մահուան մէջ մեղաւոր անձերը: Արդէն տասը օր է ծնողները աշխուժ կերպով կը պայքարին, որպէսզի պետական դաւաճանութեան պատճառով տեղի ունեցած պատերազմին զոհուած իրենց որդիներուն հոգիները խաղաղին»:
Արամ Վարդեւանեան նշեց, որ դատախազութիւնը ունի բոլոր լիազօրութիւնները ձերբակալելու Փաշինեանը, սակայն անկէ կը պահանջուի կամք եւ վճռականութիւն` Փաշինեանը ձերբակալելու եւ ապօրինի կալանաւորումները վերացնելու:
Երթի մասնակիցները դատախազութենէն պահանջեցին մնալ օրինականութեան սահմաններուն մէջ:
Անկէ ետք ցուցարարները վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր արտասանուեցան խօսքեր, որոնք հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը, մեղադրեցին գործող իշխանութիւնը` երկիրը պարտութիւններու տանելու յանցանքով: Անոնք նաեւ անդրադարձան կատարուած ձերբակալութիւններուն:
ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իշխանութիւնը կը փորձէ կոտրել ընդդիմադիրներուն ոգին, դաշնակցականներու տուներ կը խուզարկէ: «Գիտէք, որ խուզարկած են դաշնակցական Սուրէն Մանուկեանի տունը, կ՛ուզեն ընտրակաշառք գտնել: Դաշնակցականի տան մէջ ամէն ինչ կը գտնէք, բացի ընտրակաշառքէն: Նման քայլերով չէք կրնար կոտրել մեր ոգին», շեշտեց ան: