Դէպի նորոգուած ազգային տեսլական
- (0)

ՍԵՒԱԿ ՊԷԼԵԱՆ
Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր հայ ժողովուրդը տարագիր, վիրաւոր, բայց նպատակի գիտակցութեամբ կոփուած, առաջնորդուած է համայնական համոզումով մը, որ աշխարհի բոլոր հայերը պատասխանատուութիւն կը կրեն իրենց անհատական կամ տեղայնական մտահոգութիւններէն աւելի բարձր առաքելութեան մը ծառայելու։ Այս համոզումը, որ ժամանակի ընթացքին մարմնաւորուած ու ամփոփուած է «Հայ Դատ»ի լուծման համար տարուող պայքարի հասկացողութեան մէջ, երկար տարիներու ընթացքին գործած է որպէս կազմակերպչական այն կառոյցը, որուն շուրջ համախումբ ձեւաւորուած են սփիւռքեան ինքնութիւնն ու քաղաքական գործունէութիւնը, մշակութային կեանքն ու ազգային գիտակցութիւնը։ Սակայն այս փուլին, ամբողջ հայաշխարհը կը դիմագրաւէ բեկումնային զարգացումներու շարք մը, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն լուրջ ինքնաքննութիւնն ու վերարժեւորումը։ Վերջին տարիներու քաղաքական, ռազմական ու հոգեբանական պարտութիւններու հետեւանքները՝ յատկապէս 2020-ի Արցախեան պատերազմի արհաւիրքը, շարունակուող աշխարհաքաղաքական նահանջները եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու որդեգրած գաղափարական ուղղութիւնը, ծնունդ տուած են անորոշութեան եւ ռազմավարական խոտորումի։
Սփիւռքը, որ իր գոյութեան առաջին իսկ օրերէն անծայրածիր մարդկային եւ նիւթական ներդրում ունեցած է հայոց պետականութեան ստեղծման ու կայացման մէջ, այսօր կը կանգնի հիմնարար հարցադրումի մը դիմաց՝ ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է առաջնորդուի ազգի ապագան։
Այս համեստ տողերուն նպատակն է քննել այն պայմանները, որոնք ծնունդ տուած են այս հանգրուանին, բացատրել անոնց հետեւանքները եւ փորձ մը կատարել սահմանելու այն սկզբունքները, որոնց վրայ կարելի է խարսխել Հայ Դատի վերաիմաստաւորուած օրակարգային ընթացքը։ Այս ճիգը նպատակ չի հետապնդեր զգացականութիւն վերարտադրել կամ անցեալը ներկայացնել իբրեւ իտէալական յղում մը։ Ընդհակառակը՝ կը միտի պարզել այսօրուան դժուարութիւններու արմատները եւ առաջարկել գաղափարական ու կազմակերպական ընդհանրական հասկացողութիւն մը՝ համազգային նպատակադրումը նորոգելու համար։ Հայ Դատի գործունէութիւնը կարելի չէ սահմանափակել դիպուածային ու լոկ հակազդող աշխատանքներով կամ խորհրդանշական արտայայտութիւններով։ Ան կը պահանջէ նորոգուած մտաւոր ճշգրտութիւն, աւելի խորքային եւ երկարաշունչ ռազմավարական ծրագրաւորում, որ կարողանայ ըստ արժանւոյն պատասխանել մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն։
Ժամանակակից սփիւռքագիտութիւնը կը շեշտէ, որ համայնքները կը դիմանան ոչ միայն որովհետեւ կը պահպանեն հաւաքական յիշողութիւնը, այլ յստակ առաքելութեան մը գիտակցութեամբ։ Ցեղասպանութենէն ետք, սփիւռքահայութիւնը նման առաքելութիւն մը սահմանեց․ յիշել, բայց միեւնոյն ժամանակ նպաստել հայկական պետականութեան ապագայ վերականգնումին ու ամրապնդման։ Այս նպատակադրումը տասնամեակներու ընթացքին կերտեց սփիւռքեան հաստատութիւններուն ինքնութիւնը․ դպրոցներ, եկեղեցիներ, քաղաքական կազմակերպութիւններ (թէկուզ ոչ բոլորը), բարեսիրական եւ մշակութային կառոյցներ, ինչպէս նաեւ միջազգային քարոզչական ցանցեր, բոլորն ալ կը գործէին հասարակական պարտաւորութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան աներկբայ գիտակցութեամբ։ Այս համակողմանի համակարգին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ առանձնայատուկ դեր։ Դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը միացուց ու ցարդ կը շարունակէ ամուր պահել ազգային բոլոր իտէալներն ու իղձերը` պատրաստելով այն ամբողջական մտաւոր եւ կազմակերպական շրջանակը, որով սփիւռքահայերը կը մեկնաբանէին ու պիտի շարունակեն մեկնաբանել իրենց ինքնութիւնն ու պարտականութիւնները։
1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը եւ ապա առաջին Արցախեան պատերազմի յաղթանակը աւելի ամրապնդեցին ու նոր իմաստ հաղորդեցին այդ մեկնաբանութեան։ Աւելի քան եօթանասուն տարուան պետականազրկութենէ ետք, հայկական պետականութիւնը գոյութիւն ունեցաւ իբրեւ անկախ քաղաքական միաւոր՝ ունակ ինքնիշխան կառավարաման եւ իր բնակչութեան հաւաքական իրաւունքներու եւ կենսապայմաններու պաշտպանութեան։ Այս պատմական իրողութիւնը կը վաւերացնէր տասնամեակներու սփիւռքեան նուիրումով կատարուած աշխատանքը՝ Հայաստանը դարձնելով երբեմնի ցնորք համարուող երազանքներու իրկանացումը։ Արցախի յաղթանակը աւելի ամրացուց սփիւռքի վստահութիւնը, որովհետեւ կը կենսաւորէր այն համոզումը, թէ համերաշխ եւ համակարգուած ազգային ձգտումները կարող են հիմնական դեր ունենալ պատմութեան ընթացքը փոխելու մէջ։ Շատերու համար Հայաստան–սփիւռք յարաբերութիւնը աւելի քան կայուն ու փոխլրացուցիչ կը թուէին ըլլալ։
Սակայն վերջին տարիներուն – եւ յատկապէս 2018-էն ետք – այս յարաբերութիւնը յայտնի ճեղքերու ենթարկուեցաւ։ «Յեղափոխութեան» սուտ շղարշին տակ իրականացուած իշխանափոխութիւնը ծնունդ տուաւ մեծ ակնկալութիւններու՝ թափանցիկութեան, բարեկարգման եւ կառավարման արդիականացման։ Թէեւ այս ձգտումները լայն ժողովրդականութիւն վայելեցին օրին, իշխանութեան որդեգրած մօտեցումները առաջին իսկ օրերէն ստեղծեցին խորքային գաղափարական ընդհանրացումներու խզում։ Նախկին համակարգերուն շրջանցումի փորձին մէջ, իշխանութիւնը սկսաւ ձեւակերպել հայ ինքնութեան եւ պետականութեան ձեւակերպում մը, որ կը հակադրուէր երկար տարիներու ազգային պատմագրութեան ու ժողովրդական հասկացողութեան եւ մտածումին։ Այս փոփոխութիւնը կը փորձէր նուազեցնել պատմական շարունակականութեան արժէքը, թերագնահատել Հայաստանը կլանած աշխարհաքաղաքական բարդ իրականութիւնները եւ ներմուծել ազգային պետականութեան նոր ձեւակերպում մը, որ հեռու էր այն պատմական փորձառութիւններէն, որոնք ձեւաւորած էին հայ քաղաքական մտածողութիւնը։
Բարեկարգումը՝ իր սկզբունքով, հակասութիւն չունի ազգային հասկացութիւններու եւ սկզբունքներու շարունակականութեան պահպանման հետ։ Բայց բարեկարգում մը, որ կը մերժէ ժառանգուած հիմքերն ու հասկացութիւնները, առանց զանոնք փոխարինելու բովանդակալի եւ կշիռ ունեցող այլընտրանքներով, կ՚առաջնորդէ հաստատութենական եւ գաղափարական անորոշութեան։ Քաղաքագիտական տեսութեանց մէջ այս երեւոյթները կը բնորոշուին որպէս «քաղաքական քայքայում» (political decay), երբ հաստատութիւնները աւելի արագ կը կորսնցնեն իրենց ուղղութիւնը, մինչ կարելի է ստեղծել օրինականութեան (legitimacy) նոր աղբիւրներ։ Հայաստանը, 2020-ի պատերազմէն առաջ ու յետագայ տարիներուն, ցոյց տուաւ այս երեւոյթին բնորոշ բազմաթիւ ներքին նշաններ․ երկարամեայ ռազմավարական ուղղութիւններ յանկարծակի կերպով մերժուեցան, առանց յստակ փոխարինումի, հանրային ակնկալութիւնները ձեւափոխուեցան առանց ծրագրային տեսլականի, իսկ ազգային քաղաքականութիւնը ամբողջութեամբ սկսաւ վերափոխուիլ, առանց երկարաժամկէտ, համակարգուած ուղղութեան մը։ Այս բոլորը առաջնորդեցին աղէտաբեր սխալներու, որոնց գագաթնակէտը եղաւ 2020-ի արհաւիրքը եւ Արցախի քաղաքական ու վարչական գոյութեան ամբողջական կործանումը։
Այս տկարացման հետեւանքները չսահմանափակուեցաւ սակայն միայն Հայաստանով։ Սփիւռքը, որ երկար տարիներ իր ինքնութիւնը կազմաւորած էր հայկական պետականութեան ամրապնդման նպաստելու շուրջ, այժմ կը գտնուի անորոշութեան մէջ՝ փորձելով սահմանել իր դերը, երբ Երեւանէն այլեւս չի բխիր համադրուած եւ յստակ ազգային տեսլական։ Այս իրավիճակը բնականաբար պատճառ կը հանդիսանայ շփոթի, տատանումի եւ որոշ համայնքներու մէջ՝ նաեւ նահանջի եւ գործակցութեան դադրումի։ Ամէնէն խորքային վտանգը նիւթեղէն անկումը չէ, այլ՝ նպատակի մաշումն ու կորուստը։ Առանց յստակ ձեւակերպուած առաքելութեան մը, սփիւռքեան հաստատութիւնները ի վիճակի չեն պահպանելու այն բարձր ներգրաւուածութիւնը, որ պահանջուած է ազգային պահանջատիրութեան, մշակութային պահպանման եւ նպատակասլաց քաղաքականացման համար։
Այս պահը, սակայն, նաեւ առիթ մը կը ներկայացնէ։ Ան կը պարտադրէ, որ սփիւռքը առաւել յստակութեամբ ձեւակերպէ իր պատասխանատուութիւնները՝ հիմնուելով ոչ թէ նախորդ տասնամեակներէն ժառանգուած ուղղութիւններուն, այլ՝ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններուն հիմամբ։ Այս առումով, Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը կը պահպանէ իր առանձնայատուկ արդիականութիւնը։ Դաշնակցական միտքը ձեւաւորուած էր ճիշդ այն ժամանակներու համար, երբ ազգը կը դիմագրաւէր մասնատում, տեղաշարժ եւ անորոշութիւն։ Անոր շեշտադրումները՝ ազգային ինքնիշխանութեան, քաղաքացիական պատասխանատուութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան, կը տրամադրեն համակողմանի գաղափարական ու կազմակերպական շրջանակ մը՝ իբրեւ ուղեցոյց մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման։ Դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը միայն պատմական աւանդ մը չէ, այլ՝ սկզբունքներու ամբողջութիւն մը, որ կրնայ ուղղութիւն տալ թէ՛ քաղաքական մտածումի, թէ՛ հաստատութենական զարգացման ժամանակակից կարիքներուն։
Նորոգուած ազգային տեսլական մը պէտք է հիմնուի երկու փոխլրացուցիչ սկզբունքներու վրայ՝ իրատեսութիւն եւ իտէալ։ Իրատեսութիւնը կը պահանջէ ճշգրիտ գնահատում Հայաստանի անվտանգային միջավայրին, տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան, հայրենիքի ընկերատնտեսական զարգացման ներուժին, սփիւռքի իմաստալից դերակատարութեան, ներկայ իշխանութեան աշխարհայեցողութեան լուրջ սահմանափակումներուն ու նամանաւանդ անոնց գնայուն ըլլալու հանգամանքին։ Ան կը պարտադրէ գիտակցիլ այն սպառնալիքներուն, որոնց դիմաց այսօր կը կանգնի Հայաստանը, այն կառուցուածքային թուլութիւնները, որոնք պէտք է հետեւողական կերպով ուղղուին, ինչպէս նաեւ այն հաստատութիւններու անհրաժեշտութիւնը – բանակէն անկախ – որոնք ունակ են պաշտպանելու պետականութեան յարատեւութիւնը։ Իտէալը՝ հասկցուած ոչ թէ իբրեւ միամտութիւն, այլ՝ իբրեւ սկզբունքային ձգտում, կը պահանջէ նուիրում մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդման եւ երկարաշունչ ազգային տեսլականի շարունակութեան, որ կը գերազանցէ առօրեայ քաղաքական շրջափուլերը։ Այս երկու սկզբունքները հակադրական չեն։ Ճիշդ համադրուած՝ անոնք կը դառնան ռազմավարական ծրագրաւորման եւ ազգային խաղաղ ու գարցագող գոյակցութեան ամուր եւ մնայուն հիմք։
Սփիւռքի համար այս սկզբունքները գործնական դարձնելը կը պահանջէ հաստատութիւններու վերազինում, քաղաքական ու դիւանագիտական կարողականութեան խորացում, շարունակական ղեկավարութեան պատրաստութիւն եւ համակարգուած քարոզչական ռազմավարութիւններու մշակում։ Ան կը պահանջէ ընկալել Հայաստանը ոչ թէ միայն իբրեւ յուզական խորհրդանիշ, այլ՝ իբրեւ բարդ քաղաքական իրականութիւն, որուն երկարատեւ կենսունակութիւնը կը պայմանաւորուի մասնագիտական կարողութեամբ, ներդրումով եւ կազմակերպուած գործակցութեամբ։ Ան նաեւ կը պարտադրէ յստակ եւ հետեւողական ձեւով հաստատել, որ սփիւռքի դերը այս կամ այն իշխանութեան ծառայել չէ, այլ՝ պաշտպանել հայ ժողովուրդի մշտնջենաւոր եւ կենսական շահերը։
Ազգ մը, որ գիտակից է իր գերագոյն նպատակին, կարող է ելք գտնել անգամ ամենաբարդ պայմաններու մէջ։ Իսկ ազգ մը, որ կը կորսնցնէ այդ նպատակը, վտանգի տակ կը դնէ իր համախումբ կամքի տոկունութիւնը։ Հայութեան առաջ կանգնած է պարտականութիւն մը՝ վերագտնել այն գիտակցութիւնը, որ տարիներ շարունակ առաջնորդած էր իր համատեղ ճիգերը, եւ այդ գիտակցութիւնը վերածել նորոգուած, համահունչ ու գործնական տեսլականի։ Հայ Դատի ապագան կախուած է այս ընթացքէն, եւ անոր իրականացման պայմանները տակաւին հասանելի են՝ եթէ մօտենանք հաւասարակշռուած լրջութեամբ եւ աննահանջ համոզումով։
«Հորիզոն» – Բացառիկ 2025