Դաւիթ Իշխանեանը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար, Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար Կամօ Վարդանեանի Հետ
16 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեանը:
Խորհրդարանի ղեկավարը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարին հրաւէրը ընդունելու համար: Իր խօսքին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններէն զատ, նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատէ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համակարգը` ի դէմս պաշտպանութեան բանակի, որ եղած է եւ կը մնայ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը:
Կամօ Վարդանեանը շնորհաւորած է Դաւիթ Իշխանեանը եւ մարտահրաւէրները միասին յաղթահարելու պատրաստակամութիւն յայտնած:
Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը անդրադարձած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ պաշտպանութեան բանակին առջեւ դրուած խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն:
Վարդանեան խօսած է նաեւ ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու կողմէ հրադադարի դրութեան խախտումներուն եւ անոնց լրատուամիջոցներով տարածուող ապատեղեկատուութեան մասին:
Հանդիպումին ներկայ էր Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, օրինապահպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Մարսել Պետրոսեան:
Comments are closed.