Դատախազութիւնը կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ Ծառուկեանի հետ կապուած շարք մը անշարժ գոյքի գործարքներ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Կոտայքի մարզի դատախազութիւնը Հակակոռուպցիոն դատարան հայցեր ներկայացուցած է՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ Գագիկ Ծառուկեանին եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձերու վերաբերող շարք մը անշարժ գոյքի գործարքներ ու աճուրդներ։
Գլխաւոր դատախազութեան փոխանցմամբ՝ հայցերէն մէկը կը վերաբերի Առինջ մոլի տարածքին գտնուող 3,5 հեկտար հողամասի՝ 2015 թուականին կայացած աճուրդին, ինչպէս նաեւ 2025-ին Գագիկ Ծառուկեանի եւ «Ֆիրմա Նիւ» ՍՊԸ-ի միջեւ կնքուած պայմանագրին։ Դատարանը Օգոստոս 19-ին հայցը ընդունած է վարոյթ եւ ընկերութեան արգիլած է որեւէ գործողութիւն կատարել նշեալ հողամասին նկատմամբ։
Երկրորդ հայցով դատախազութիւնը կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ Առինջի մէջ Գագիկ եւ Ջաւահիր Ծառուկեաններուն պատկանող առանձնատան հողատարածքին առնչուող՝ 2003 թուականի աճուրդը եւ անոր յաջորդած շարք մը պայմանագրեր։
Հակակոռուպցիոն դատարանը այս հայցը եւս ընդունած է վարոյթ՝ միաժամանակ արգիլելով Գագիկ եւ Ջաւահիր Ծառուկեաններուն որեւէ գործողութիւն կատարել խնդրոյ առարկայ անշարժ գոյքերուն նկատմամբ։