Դաշնակցութիւնը չորս համայնքներու մէջ զգալի քուէներ ապահոված է. Իշխան Սաղաթէլեան կը շեշտէ պայքարը շարունակելու վճռակամութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 25-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չորս խոշորացուած համայնքներու մէջ ապահոված է զգալի թիւով քուէներ՝ հակառակ ընտրապայքարի ընթացքին արձանագրուած ճնշումներուն վերաբերեալ ընդդիմութեան ահազանգերուն։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան հրապարակած է կուսակցութեան ընտրական արդիւնքները։
Ծաղկաձորի մէջ Դաշնակցութիւնը ստացած է 449 քուէ՝ շուրջ 15.4 առ հարիւր, Մարտունիի մէջ՝ 2053 քուէ՝ 11.2 առ հարիւր, իսկ Արտաշատի մէջ՝ 2925 քուէ՝ 10.6 առ հարիւր։ Հրազդանի մէջ կուսակցութիւնը ստացած է 1736 քուէ. Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով՝ շուրջ 9.2 առ հարիւր։
Սաղաթէլեան իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ ընդգծած է, որ կուսակցութիւնը այս արդիւնքները արձանագրած է քաղաքական ճնշումներու եւ հետապնդումներու մասին հաղորդումներու պայմաններուն մէջ։
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Դաշնակցութեան վստահած ընտրողներուն, ինչպէս նաեւ չորս համայնքներու կուսակցական կառոյցներուն, թեկնածուներուն եւ ընտրական աշխատանքներուն մասնակցած բոլոր անդամներուն։
Ընդդիմադիր գործիչը շեշտած է, որ տեղական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը Դաշնակցութեան համար միայն համայնքային ներկայացուցչութեան հարց չէր։ Կուսակցութիւնը այս ընտրապայքարը նկատած է նաեւ համապետական քաղաքական պայքարի շարունակութեան եւ իր շուրջ համախմբուած ուժերու կապերուն պահպանման միջոց։
Սաղաթէլեանի շեշտած է, որ Հայաստանի քաղաքական կացութեան արմատական փոփոխութիւնը կարելի է ապահովել միայն գործող իշխանութեան հեռացումով։
Ան վերահաստատած է Դաշնակցութեան վճռակամութիւնը՝ շարունակելու քաղաքական պայքարը եւ համախմբելու իշխանափոխութեան ձգտող ուժերն ու քաղաքացիները։