Դաշնակցութիւնը հալածելու իշխանութեանց մոլագարութիւնը՝ ազգային ներուժի կազմաքանդման կ՚առաջնորդէ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF)-ի համանախագահ՝ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելու ՀՀ իշխանութիւններու քայլին յաջորդեցին ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական Միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի հայրենիք մուտքը խափանելու դէպքերը։

Ըստ երեւոյթին, ԼԵւոն Տէր Պետրոսեանի հակադաշնակցական ջղագար արշաւին օրերուն նման, այսօր եւս, գործող իշխանութիւնները կազմած են Դաշնակցական գործիչներու «Սեւ ցուցակ» մը եւ «անբաղձալի անձ»երու ցանկ մը։

Ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու քաղաքական հոսանքները ժողովրդավարական պետական համակարգի անբաժանելի մասնիկն են։ Որեւէ երկրի ժողովրդավարութեան մակարդակը պայմանաւորուած է գոյութիւն ունեցող ընդդիմութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան արժեչափով։ Մէկ խօսքով, ժողովրդավարութիւն որդեգրած երկրի մը իշխանութեանց գործունէութեան վերահսկողութիւնը՝ վերապահուած է նոյն այդ երկրի ընդդիմութեան:

Հայաստանի գործող իշխանութիւնները, որոնք չորս տարի առաջ յանուն ժողովրդավարութեան իշխանութեան տիրացան, այսօր խախտելով իրենց իսկ «սկզբունքները»՝ կատաղախտով համակուած կը հալածեն ընդդիմութեան առաջամարտիկ Դաշնակցութեան առաջնորդները, գործիչներն ու անդամները։

Արդէն յստակ է, որ գործող վարչակարգը ամբողջատիրական կառավարման համակարգ հաստատած է երեկրէն ներս, ուր սահմանադրական իրաւունքներու և ազատութիւններու փաստացի խախտումները, ընդդիմախօս հասարակութեան նկատմամբ համատարած ատելավառ վարքագիծը, ընդդիմութեան գործիչներու եւ  այլախոհներու դէմ կիրառուող բռնութիւնները եւ ժողովրդավարական տարրական չափորոշիչներու ոտնահարումը երկիրը հասցուցած են անդունդի եզրին։ Ժամանակակից եւ արդիւնաւէտ ժողովրդավար պետութեան մը համար այնքան կենսական օրէնքի գերակայութիւնը՝ այսօր անգոյ է մեր երկրին մէջ եւ ոչ մէկ երաշխիք գոյութիւն ունի, որ այս վարչակարգը բարոյական պատասխանատուութիւնը ունի իր պարտաւորութիւնները ի կատար ածելու ժողովուրդին հանդէպ։

Ժողովրդավարութեան հիմնախարիսխը՝ իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորումն է եւ անոր հիմանարար արժէքներու՝ ազատութեան, արդարութեան և համերաշխութեան օրինաչափ պաշտպանութիւնը եւ ոչ թէ մարդ անհատի եւ կամ երկրի քաղաքացիական հասարակութեան դէմ կազմակերպուած հալածանքն ու բռնամիջոցներու գործադրութիւնը։

28 տարի առաջ, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան չյաջողեցաւ արմատախիլ ընել Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, երբ իր «սեւ ցուցակ»ով Դաշնակցական ղեկավարներու մուտքը արգիլեց Հայաստան եւ համատարած ձերբակալութիւններով կալանքի ենթարկեց Հայաստանի Դաշնակցական կուսակցականները։ Այսօր, Նիկոլ Փաշինեանի ու իր Խունդանյի քաղաքական օրակարգին մաս կը կազմէ ընդդիմութեան՝ բայց մանաւա՛նդ Դաշնակցութեան հանդէպ անհանդուրժողականութիւնն ու քինախնդրութիւնը, որուն ակնյայտ արդիւնքն են Զուարթնոց օդակայանի մէջ կատարուած դէպքերը։

Պատերազմէն մէկ տարի ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Արցախի եւ Սիւնիքի վրայ եւ մեր պետութեան ողնաշարը հանդիսացող Սիւնիքի դիմադրականութիւնը բարձրացնելու եւ տեղւոյն բնակչութեան աջակցելու նպատակով՝ զօրաշարժի ենթարկեց աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական և ուսանողական միութիւնները, որոնք 2021 թուականէն ի վեր յատուկ առաքելութիւններ կը կազմակերպեն Սիւնիքի մէջ։ Այդ առաքելութիւնը գործադրելու համար Սիւնիք գործուղուած Սիւնէ Աբրահամեանին արգիլուեցաւ հայրենիքին մէջ հայրենակերտման իր պարտականութիւնները կատարել։

Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման համար՝ Դաշնակցութիւնը քաղաքական իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դրած է Հայ Դատի յանձնախումբերու միջոցով եւ նոյն այդ Հայ Դատի յանձնախումբի կամաւոր ծառայողները՝ հայոց պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան հունաւորման դիւանագիտական-քարոզչական անպաշտօն դեսպաններն ու քաղաքական գործիչներն են տասնամեակներէ ի վեր։ Այսօր, Հայ Դատի գործիչ Մասիս Աբրահամեանի հայրենիք մուտքը նոյնպէս արգիլուած է դաւադիր վարչակարգին կողմէ։

Դաշնակցութեան դէմ հրահրուած ատելավառութիւնը, մաղձը, ոխակալութիւնն ու հալածանքը ազգային հաւաքական ներուժի ջլատման կ՚առաջնորդէ, որմէ կրնայ օգտուիլ միա՛յն մեր հայրենիքի թշնամին։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութեան կուսակցութիւն է եւ հակառակ իր դէմ ծաւալած հալածանքներուն՝ պիտի շարունակէ համազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր առաքելութիւնը ի հեճուկս իր դէմ նիւթուած դաւադրութիւններուն ու որոգայթներուն։

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.