Դաշնակցութեան Հրաւէրով Արցախ Պիտի Այցելեն 17 Երկիրներէ 27 Անձեր, Որոնք Մտահոգ Չեն Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ով

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հրաւէրով 29 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու շուրջ երկու տասնեակ ներկայացուցիչներ կ՛այցելեն Հայաստան եւ ճանաչողական այցելութիւն պիտի տան նաեւ Արցախի Հանրապետութիւն:

ՀՅԴ «նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Ղուկասեան, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ Սարինէ Աբրահամեան եւ Հայաստան հասած հիւրերէն Իտալիոյ ընկերվարական կուսակցութեան վարչութեան անդամ Ռոզելա Փերա ու Պուլկարիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական կուսակցութեան ատենապետ Տիմիթր Միթեւ տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Գէորգ Ղուկասեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ իրենց կապերը շատ սերտ են Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան հետ եւ անոր միջոցով է, որ կարելի եղած է յաջողցնել նման նախաձեռնութիւն մը, որուն կը մասնակցին աշխարհի 17 երկիրներու շուրջ 27 պատուիրակներ, որոնք իրենց երկիրներու ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ են, կան նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններէ անդամներ:

Ան յայտնած է, որ 29 սեպտեմբերին երիտասարդները արդէն հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ, որ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է արցախեան հիմնահարցը: Ան նշած է, որ հանդիպում մը պիտի կայանայ նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի հետ:

«Այնուհետեւ անոնք պիտի մեկնին Արցախ, ուր հանդիպումները բազմաբնոյթ պիտի ըլլան: Նախատեսուած են հանդիպումներ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան հետ: Մասնակիցները պիտի տեսակցին նաեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ, որպէսզի պատուիրակները ծանօթանան Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած պատերազմական ոճիրներուն», ըսած է Գէորգ Ղուկասեան` աւելցնելով, որ հանդիպումներ պիտի կայանան Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան, ԹՈՒՄՕ-ի մէջ, Արցախի երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, նախատեսուած են այցելութիւններ Արցախի պատմամշակութային վայրեր:

Իտալիոյ ներկայացուցիչ Ռոզելա Փերա նշած է, որ ասիկա իր առաջին այցելութիւնն է Հայաստան եւ Արցախ: «Կը փափաքիմ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալ Արցախի տագնապին մասին եւ փոխանցել իմ ստացած տեղեկութիւններս ու գիտելիքները Եւրոպայի միւս երկիրներուն մէջ, որովհետեւ, օրինակ` Իտալիոյ մէջ, շատ քիչ են տեղեկութիւնները Արցախի մասին, նոյնիսկ Արցախի գոյութեան մասին շատ քիչ մարդիկ գիտեն», յայտնած է ան` միեւնոյն ժամանակ նշելով, թէ ինք տեղեակ է տագնապէն, քանի որ քաղաքական գործիչ է եւ լրագրող:

Պուլկարիոյ պատուիրակ Տիմիթր Միթեւ իր կարգին դիտել տուած է, որ ասիկա իր երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան` հրաւէրին համար շնորհակալութիւն յայտնելով Դաշնակցութեան:

«Քիչ առաջ ՀՅԴ գրասենեակին մէջ մեզի մանրամասնօրէն ծանօթացուցին տագնապը: Տեսնելով եւ լսելով Արցախի վերաբերող փաստերը, կը հասկնանք, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին Արցախը եղած է հայաբնակ տարածք, անիկա ազատ, անկախ պետութիւն է` հայ բնակիչներով», նշած է ան եւ օրինակ բերած Քոսովոն, որ արդէն 17 տարի է` ճանչցուած պետութիւն է, իսկ Արցախը աւելի շատ պատմական տուեալներ ունի միջազգայնօրէն ճանչցուելու:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք տեղեա՞կ են, որ Արցախ այցելողները կը դրուին Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին վրայ եւ չեն կրնար այդ երկիրը այցելել, արդեօք այդ երեւոյթը չի՞ մտահոգեր զանոնք` Տիմիթր Միթեւ ըսած է. «Այո՛, ես տեղեակ եմ, երկու տարի առաջ նոյնպէս այցելած եմ Հայաստան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Մենք կը տեսնենք, թէ ովքե՛ր են յարձակողապաշտները, ովքեր` անոնցմէ տուժողները: Մենք` իբրեւ ընկերվարականներ եւ ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցականներ, կ՛աջակցինք Հայաստանի մեր ընկերներուն, եւ մեզի համար էական չէ, որ մենք ինչ-որ յարձակողապաշտ երկրի մը կողմէ կը դրուինք «Սեւ ցանկ»-ի մէջ, մեզի համար կարեւորը այն է, որ այսօր Արցախի բնակիչները ապրին, մնան իրենց երկրին մէջ, ապահով կեանք ունենան, եւ վերջ ի վերջոյ, ճանչցուի անոնց պետութիւնը»:

Իտալացի պատուիրակը իր կարգին դիտել տուած է, թէ իրեն համար եւս խնդիր չէ, որ կը յայտնուի Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.