Դաշնակցութեան խիղճը… Սիմոն Զաւարեանի մահուան 108-ամեակ
Եւ ես կողջունեմ քեզ, ով փրկարար Փոթորիկ,
Ով իմ մեռեալս մեծարժէք, ով իմ ընկերս անխարդախ
Դուն քու խաչդ ուսիդ, գողգոթայէն վեր մագլցող
Ով սրբակրօն Սիմէոն, ով եղերական Մարդ-Յիսուս…
Սիամանթօ
Դաշնակցութեան խիղճը… Այսպէս կոչուեցաւ, Սիմոն Զաւարեանը իր ժամանակակից ղեկավարներուն եւ երեւելիներուն կողմէ ու ան յատկանշուեցաւ որպէս գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի գլխագիր Մարդն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մին, որ 108 տարիներ առաջ, 1913 թուականի Հոկտեմբերի 14-ին, կնքեց իր մահկանացուն, ինկաւ պարտականութեան ճամբուն վրայ, սուգի մատնելով, իր կուսակցութեան հետ միասին բովանդակ հայութիւնը՝ Կովկասէն մինչեւ Պոլիս ու մինչեւ արտասահմանի հեռաւոր գաղութները:
Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866 թուականին Լեռնային անտառախիտ Լոռի գաւարի Իգահատ գիւղը, նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն վարժարանին մէջ։ Պատանի տարիքին Սիմոն կը մեկնի Թիֆլիս, ուր միջնակարգի ընթացքը կաւարտէ փայլուն յիշատակութեամբ, բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ եւ կաւարտէ Մոսկուայի նշանաւոր «Պետրովկեայի Գիւղատնտեսական Համալսարան»ը պատուոյ յիշատակութեամբ:
Երիտասարդ, տաքարիւն, ըմբոստ Սիմոն, համալսարանական տարիներուն կը նետուի յեղափոխական շարժման ալիքներուն մէջ, իր հետ ունենալով Ռոստոմը՝ Ստեփան Զօրեանը, նոյնպէս ուժեղ, ըմբոստ նկարագիր տէր: Շուտով երկուքը գաղափարի ջերմ եղբայրական կապերով սերտօրէն կը միանան գաղափարակից իրենց ընկերոջ Քրիստափոր Միքայէլեանին, ծնունդ տալու համար Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան շարժման հիմնադիր լուսաշող Երրորդութեան:
1890-ական թուականներու եւ ժամանակաշրջանի վերազարթնումի արտայայտիչները եղան, պայծառ գաղափարներով տոգորուած Քրիստափորը, Ռոստոմն ու Զաւարեանը՝ Հայ Յեղափոխութեան պորթկումի օրերու մեր գաղափարական, մտաւորական եւ մարտական հնոցի դարբինները: Եւ այդպէս էր Լոռեցի Սիմոն Զաւարեանը, որուն կեանքը հանապազօրեայ պատարագ մը եղաւ իր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ իր կուսակցութեան գաղափարական աշխարհին՝ Թիֆլիսէն ու Տրապիզոնէն մինչեւ Մետեխի բանտն ու Ժնեւէն մինչեւ Պէյրութ ու Կիլիկիա եւ Պոլիսէն մինչեւ Տարօն ու Սասուն, ան գործեց անդադար, քարոզեց, դաստիարակեց ու դարբնեց հայ մարդը, անխոնջ եւ անդադար, մնալով խստապահանջ, նախ իր անձին, եւ ապա իր շրջապատին:
Ընկեր Զաւարեան, Լոյսի ցոլքեր տուաւ ու Ոգի, Լոյս տուաւ ու Խիղճ եւ աւելի՛ն, ան տուաւ անտեղիտալի սկզբունքներ՝ որոնք իր օրով եւ նոյնքան իրմէ ետք, մեր կուսակցութեան նկարագրային հիմնական յատկանիշները դարձան զաւարեանական աւանդները, իբրեւ Դաշնակցութեան անգիր, բայց նոյնքան իրական չափանիշներ, իբրեւ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական, քաղաքական ու մարտական շէնքը ամրացնող ու գօտեպնդող անսպառ բարոյական հարստութիւն:
Այսօր, Սիմոն Զաւարեանի մահէն 108 տարիներ ետք Հայրենիքի եւ արտերկրի մեր երիտասարդութիւնը, քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման նոր անկիւնադարձային օրեր կապրին: Այսօր, աւելի քան երբեք, Զաւարեանական այդ աւանդներն ու արժէքները, հոգիի եւ խղճի, օրինակելի կեցուածքի եւ կարգապահութեան սրբազան օրինակներ պէտք է ըլլան՝ այո, մեր բոլորին համար եւ յատկապէս մեր նորահա՛ս սերունդներուն համար:
Մենք կը հաւատանք, թէ գաղափարական ու բարոյական զաւարեանական չափանիշներն են, որ պիտի շարունակեն կազմել մեր անաւարտ ազատագրական պայքարի ամրակուռ պատուանդանը եւ վաղուան Ազա՛տ, անկա՛խ, ամբողջականօրէն հայ եւ յաւիտենապէս միացեալ հայրենիքի փառապանծ Յաղթանակի վարդահեղեղ արշալոյսի պսակումին:
Յարգա՛նք Սիմոն Զաւարեանին, յարգա՛նք Քրիստափորին ու Ռոստոմի անմեռ յիշատակին, անոնց ընդմիշտ ճառագայթող պայծառահրաշ էութեան:
Փառք ու պատիւ Զաւարեանական հնոցին մէջ մկրտուած հերոսածին զաւակներուն հայոց եւ յառաջ հայ ազատագրական սրբազնագոյն պայքարի վսեմագոյն ուղիով մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Յ. Ճանպազեան
Թորոնթօ