Դաշնակցութեան դէմ հալածանքներն ու բռնաճնշումները դատապարտուած են ամլութեան
- (0)

«Ի՜նչ, գաղափարն ալ կ՚ուզէք կախաղան հանել: Դուք զիս կախեցիք, բայց ի՞նչ պիտի ընէք այն հարիւրները, հազարները, որ պիտի ծնանին այս կախաղանները»
ՊԵՏՐՈՍ ՍԵՐԷՄՃԵԱՆ
Տեղեկատուական ահաբեկչութիւն, գռեհկաբանութիւն, հալածանք, մարդու ազատութեան ոտնակոխում, կեղծ մեղադրանքներ, բռնաճնշումներ, անօրինական ձերբակալութիւններ, զանգուածային բռնութիւններ, կալանք, իսկ իրաւապահներու քննչական գործողութիւններուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ ՀՅԴաշնակցութեան մղած դարաւոր ազատագրական պայքարի կարգախօսը՝ «Մահ կամ ազատութիւն»ը։
Ընդդիմութիւնը բռնաճնշելու եւ մեղսագրելու հանգրուան սկիզբ առած է։ Թիրախաւորուած են Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Դաշնակցութիւնը, հայրենասէր գործարարը։ Վարչախումբի խօսնակներուն կողմէ կը հնչեն Հայաստանի մէջ ՀՅԴ գործունէութիւնը կասեցնելու յայտարարութիւններ։ Վերջին տարիներուն յստակ դարձած է, որ Դաշնակցութեան դէմ մաղձ կը թափուի այն ատեն, երբ գործող իշխանութիւններուն կողմէ կը յղացուի տարածքներու զիջման կամ այլ քաղաքական անձնատուութեան դաւադրութիւն։
Ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտման տեսլականը եւ Հայ Դատի լիակատար լուծման գերագոյն առաջադրանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսական գերագոյն նպատակներն են։ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, որպէս հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանող քաղաքական ուժ, Դաշնակցութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ազատագրական պայքարի որպէս ջահակիր, արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ դարձաւ ոգին Արցախեան ազատամարտին։ Իր էութեամբ, 135-ամեայ կուսակցութիւնը ազգային արժեհամակարգի գաղափարախօսութիւն է, հոգեկերտուածք է եւ հայրենատիրութեան քաղաքական նպատակասլաց ուղի է, եւ այդ գաղափարախօսութիւնը չեն յաջողած մթագնել ոչ օսմանեան ու ցարական կայսրութիւնները, ոչ ալ խորհրդային կարգերը…
Արցախեան պատերազմէն ետք, իրերայաջորդ սահմանատարածքներու զիջումներով, գործող վարչախումբը Հայաստանը վերածած են թուրք-ատրպէյճանական վերահսկողութեան ենթակայ աշխարհագրական տարածքի, եւ այս կը կատարուի այնպիսի հանգրուանի, երբ Հայաստանի հարաւային դարպաս Սիւնիքի նկատմամբ տարիներէ ի վեր կ՚ուրուագծուի փանթրքական յստակ վտանգաւոր ծրագիր։
Ժողովուրդը ի՛նք պէտք է գիտակցի, որ պարտութիւնը որպէս յաղթանակ ներկայացնող պետութեան ղեկավարն ու իր մանկլաւիկները Արցախի ոչնչացման հանգրուանը հունաւորելէ ետք, երկիրը կ՚առաջնորդեն ի սպառ կործանման ու քայքայման։ Հայ ժողովուրդին համար ժամանակը հասած է վերաիմաստաւորելու իր ազգային համոզմունքները՝ թօթափելու եօթ տարուան ինքնախաբէութիւնը եւ փրկուելու ինքնաոչնչացման ու պետութեան կազմաքանդման այս ճգնաժամէն։ Իսկ միա՛կ ելքը՝ գործող վարչախումբը անյապաղ հեռացնելու ճանապարհն է։
Դաշնակցութիւնը հալածանքներով, բռնութիւններով կարելի չէ անէացնել։ Յաճախ փորձուած է, բայց ապարդիւն։ 124 տարի առաջ, Ատրիանապոլսոյ մէջ, թրքական իշխանութիւններու կողմէ մահուան դատապարտուած ՀՅԴ ազատամարտիկ Պետրոս Սերեմճեան կախաղանին դիմաց թուրք դահիճներուն կ՚ըսէր. «Ի՜նչ, գաղափա՞րն ալ կ’ուզէք կախաղան հանել: Դուք զիս կախեցիք, բայց ի՞նչ պիտի ընէք այն հարիւրները, հազարները, որ պիտի ծնանին այս կախաղանները»… Եւ այդպէս, տասնամեակներու ընթացքին, պարտականութեան ճամբուն վրայ կեանքը նուիրաբերող իւրաքանչիւր դաշնակցականի տեղը կը համալրեն տասնեակներ, վահանը կը վերցնեն հարիւրաւորներ, գաղափարը կը կրեն հազարաւորներ, որովհետեւ կը հաւատան, որ Դաշնակցութեան պայքարը անվկանդ պէ՛տք է շարունակուի։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական