Դաշնակցական երիտասարդութեան ձայնը բարձր հնչեց մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ
- (0)

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ պահանջատիրական երթ եւ բողոքի ցոյցերու շարք մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։ Գանատայի տարբեր շրջաններէն ժամանած ԳԵՄ-ականներ մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ բարձրացուցին հայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ձայնը՝ թիրախաւորելով թէ՛ արտաքին թշնամիներու յարձակողապաշտութիւնը եւ թէ՛ հայրենի իշխանութիւններու զիջողական կեցուածքը։
Օրուան գործողութիւնները սկիզբ առին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առջեւ, ուր կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն՝ ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն։ Այնուհետեւ, երիտասարդները դեսպանատան յանձնեցին պաշտօնական նամակ մը եւ իրականացուցին բողոքի ցոյց։ Ելոյթ ունեցողները իրենց վրդովմունքը յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչախումբի վարած ապազգային քաղաքականութեան դէմ՝ կոչ ուղղելով դեսպանատան՝ կանգնելու ժողովուրդին, եկեղեցւոյ եւ Արցախի անշրջելի իրաւունքներու կողքին, փոխանակ ներկայացնելու իշխանութիւններու պարտուողական կեցուածքը։
Ապա, քայլարշաւը ուղղուեցաւ դէպի Ատրպէյճանի դեսպանատուն, ուր ցուցարարները դատապարտեցին Արցախի բռնագրաւումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան անճիտումը եւ հայ ռազմագերիներու անօրինական կալանաւորումը։ Յաջորդիւ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակի եւ Օթթաուայի կեդրոնական Byward Market-ի մէջ, երիտասարդները անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով իրազեկեցին հանրութիւնը՝ շեշտելով, որ միջազգային ընտանիքի անտարբերութիւնը յանցակցութիւն է ատրպէյճանական եւ թրքական ոճիրներուն։
Բողոքի այս լայնածաւալ արշաւը իր աւարտին հասաւ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, ուր երիտասարդութիւնը վերահաստատեց իր պահանջատիրական կամքը ընդդէմ թրքական ժխտողականութեան։ Դեսպանատան առջեւ հնչած վերջին ելոյթին մէջ շեշտուեցաւ, որ 111 տարի ետք ալ հայութիւնը կը մնայ դիմադրող եւ չի հաշտուիր ո՛չ Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրներուն եւ ո՛չ ալ հայկական հողերը զիջող դիւանագիտութեան հետ։ «Հայաստանը յաւիտեան պիտի ապրի» կարգախօսով երիտասարդները եզրափակեցին օրը՝ ուխտելով շարունակել պայքարը մինչեւ արդար հատուցում։