Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. Արիւնահոսող վէրքը» գիրքին շնորհահանդէսը

Սուրիական Սանա Լրատուական գործակալութեան լրագրող Պիլալ Ահմատ կը յայտնէ, թէ Դամասկոսի Ալ Ասատ ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի վերջերս հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. Արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը:

Շնորհահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած է Արցախի տարածաշրջանի պատմական փուլերուն, հակամարտութեան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ ազատագրման ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարին մասին վաւերագրական տեսերիզ:

Դեսպան Փօլատեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ Ղարաբաղի հարցը արդարադատութեան հարց է եւ ունի մարդկային իրաւանց բնոյթ, որովհետեւ այն հարցն է ժողովուրդի մը, որուն իրաւունքները խլուած են այլ իշխանութիւններու կողմէ՝ թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, որ կը միտի տարածաշրջանի պատմութիւնը աղաւաղել եւ հերքել Արցախի պատկանելիութիւնը Հայաստանի:

«Տար Ալ Շարք» հրատարակչատան տնօրէն Նապիլ Թաամէ խօսք առնելով ընդգծած է պայքարի հանգիտութիւնը սուրիացի եւ հայ երկու ժողովուրդներուն՝ թրքական բռնատիրութենէն ձերբազատուելու ի խնդիր:

Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց գիրքն ու անոր բաժանմունքները, որոնց մէջ հեղինակը կ՚անդրադառնայ տարածաշրջանի պատմականին, շրջանի ժողովրդագրութիւնը փոխելու թուրքերու ջանքերուն եւ հայերու հանդէպ անոնց խտրականութեան քաղաքականութեան, Օսմանեան կառավարութեան իրագործած ցեղասպանութեան, Արցախի կարգավիճակին մասին՝ Խորհրդային միութեան շրջանին եւ զայն Ատրպէյճանի կցելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ անկախութեան ձեռքբերման ի խնդիր տարուած բանակցութիւններուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.