Դալար Շահինեանի «Անպետական. հայերէն լեզուի քաղաքականութիւնը` աքսորի մէջ»
Ռուբէն Ճանպազեան
Stateless: The politics of the Armenian language in exile, by Talar Chahinian («Անպետական. հայերէն լեզուի քաղաքականութիւնը` աքսորի մէջ». Դալար Շահինեան
Հրատարակիչ՝ Syracuse University Press, 312 էջ, 2023
Դոկտ. Դալար Շահինեանի «Անպետական. հայերէն լեզուի քաղաքականութիւնը` աքսորի մէջ» (Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile) գիրքը կը ներկայանայ իբրեւ նշանակալից գիտական նուաճում մը՝ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրելով այնպիսի նիւթ մը, որ յաճախ անտեսուած է գրական ուսումնասիրութիւններու մէջ: Պարզ ու մատչելի, բայց խորացուած պատումի մը միջոցով, Շահինեանը կը ներկայացնէ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը, որ կը քննէ Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը աշխարհով մէկ սփռուած հայերու լեզուին եւ գրականութեան վրայ:
Շահինեանի ուսումնասիրութիւնը՝ 1920-ական թուականներուն` հայկական սփիւռքի ձեւաւորման կարեւորագոյն տարիներուն, Փարիզի հայ գրողներու մշակութային, գրական եւ լեզուական ներդրումներուն մասին օրինակելի է: Նիւթը շատ լաւ հետազօտուած է, իսկ շարադրանքը՝ գեղեցիկ կերպով կատարուած՝ ստեղծելով ուսումնասիրութիւն մը, որ տեւական ներդրում կը բերէ Աղէտի ու գրականութեան ուսումնասիրութիւններուն: Գիրքն, ի վերջոյ, քննարկում մըն է, որ խորապէս կ’անդրադառնայ անպետական ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին դիմագրաւած գոյութենական երկընտրանքներուն:’
Գիրքին ամենէն գրաւիչ կողմերէն մէկը «անպետական լեզու»-ի եզրն է, որ Շահինեան կը գործածէ արեւմտահայերէնը նկարագրելու համար։ Լեզու մը, որ ինք կ’ըսէ՝ պաշտօնապէս ճանչցուած չէ որեւէ պետութեան կողմէ. «Արեւմտահայերէն գրական արտադրութեան մէջ վիճարկուող եւ բազմակի պատկանելիութեան շարժընթացներէն անդին, ես զայն կը սահմանեմ իբրեւ անպետական լեզու՝ այն հիմնական նախադրութեամբ, որ ան որեւէ ազգ-պետութեան պաշտօնական լեզուն չէ», կը գրէ իր բացման մէջ: Ոմանք կրնան պնդել, թէ քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն հայերէնն է (ոչ յատկապէս արեւելահայերէնը), եւ այդ պարագային արեւմտահայերէնը նոյնպէս Հայաստանի պաշտօնական լեզուն է. այնուամենայնիւ, «անպետական լեզու»-ի գաղափարը կը ծառայէ իբրեւ պատմական ոսպնեակ, որուն միջոցով հեղինակը կը քննէ, թէ ինչպէս Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Փարիզի եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Պէյրութի հայ գրողները դիմագրաւեցին ստեղծագործական արտայայտութեան մարտահրաւէրները՝ իրենց հայրենիքէն կտրուած լեզուով մը:
Գիրքը ամփոփուած է երկու մասերու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կեդրոնանայ տարբեր ժամանակային եւ աշխարհագրական շրջակներու վրայ: Առաջին մասը՝ «Արեւմտահայերէնի ապակեդրոնացումը Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Փարիզի մէջ», ընթերցողները կը ծանօթացնէ «Մենք»-ի տղոց՝ Փարիզի հայ գրողներու ինքնանուանեալ խմբակին: Շահինեան կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս այս խմբակին գործերը կը ծառայեն թէ՛ իբրեւ արտագաղթի փորձառութեան վկայութիւն եւ թէ՛ իբրեւ անպետական լեզուի կենսունակութեան յայտարարութիւն աքսորի մէջ: Գիրքին երկրորդ մասը կ’անցնի «Արեւմտահայերէնի կեդրոնացումը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Պէյրութի մէջ»: Հոս, հեղինակը կը դիտարկէ մտաւորական փոխանակման աւելի լայն, անդրազգային ցանցը՝ Պէյրութի հայ գրողներու գրական արտադրութիւնը դնելով սփիւռքեան ազգայնականութեան շրջակին մէջ:
Դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեան՝ Ուեսլիըն համալսարանի երկարամեայ (այժմ պատուակալ) դասախօս, պատշաճօրէն կը նկարագրէ գիրքը իբրեւ «օրինակելի ներգրաւուածութիւն սփիւռքներու եւ ազգերու, ազգային գրականութիւններու եւ համաշխարհային գրականութեան, վնասուածքի եւ սուգի մասին ներկայիս բազմաթիւ քննարկումներուն մէջ»: Շահինեանի աշխատանքը իսկապէս կ’արձագանգէ այս քննարկումներուն՝ առաջարկելով նոր հեռանկար մը այն մասին, թէ ինչպէս անպետականութիւնը, թէ՛ իբրեւ ապրուած իրավիճակ եւ թէ՛ իբրեւ տեսական հայեցակարգ, կրնայ նպաստել արեւմտահայերէն լեզուի, գրականութեան եւ գրագիտութեան շարունակական կենսունակութեան:
Շահինեանին գիրքը անհրաժեշտ ընթերցանութիւն է սփիւռքագէտներուն, համեմատական գրականութեան մասնագէտներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են սփիւռքի պատմութեամբ, հայոց լեզուով ու հայ գրականութիւնով:
Կը յուսանք, որ շուտով պիտի կարենանք կարդալ Շահինեանի այս կարեւոր աշխատութիւնը արեւմտահայերէնով՝ իր ուսումնասիրած լեզուով: Նման թարգմանութիւն մը պիտի ըլլար գործնական օրինակ մը այն կենսունակութեան, որ հեղինակը կը քննարկէ իր գիրքին մէջ:
«Թորոնթոհայ»
Comments are closed.