Գրական-մշակութային խաչմերուկ Արցախի եւ Գանատայի միջեւ

Horizon Weekly Newspaper

Հայրենաճանաչողական այցով Հայաստան կը գտնուին Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ Հայկական վարժարանի աւարտականի աշակերտները։ Անոնց կ’ուղեկցի վարժարանին տնօրէնը՝ Րաֆֆի Սարգիսեանը։

Ակն ընդ ական գրական ստեղծագործողներու եւ վաւերագրողներու համայնքին ու Համազգայինի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Մարտ 16-ին կայացաւ հանդիպում Գանատայէն ժամանած խումբին հետ։ Հանդիպման կը մասնակցէին Համազգայինի Արցախի գրասենեակի Մասիս քաղաքի սաները, Արցախի Գրողներու միութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ արցախցի լուսանկարիչ-վաւերագրող Դաւիթ Ղահրամանեան։

Հանդիպման բացումը կատարուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան շեշտեց արցախցի սաներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը սոյն հանդիպման եւ նշեց, որ այս մէկը կրնայ դառնալ Գանատայի եւ Արցախի դպրոցականներու համագործակցութեան, շփման ու բարեկամութեան գեղեցիկ ու ողջունելի սկիզբ։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուց հանդիպման ներկայ արցախցի գրողները։

Ներկաները ողջունեց նաեւ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը։ Ան նշեց, որ կրթօճախը կարեւոր դեր կը խաղայ հեռաւոր Թորոնթոյի հայ սերունդներուն իրենց արմատներուն ամուր կապելու եւ ազգային արժէքներով դաստիարակելու հարցով։ Րաֆֆի Սարգիսեան շեշտեց, որ վեց հարիւրէն աւելի աշակերտ ունեցող վարժարանը ամէն տարի կը կազմակերպէ աւարտական դասարանի հայրենաճանաչողական այց դէպի Հայաստան եւ այսուհետ եւս այդ մէկը շարունակական պիտի ըլլայ:

Սփիւռքէն ժամանած դպրոցականները տեսերիզի միջոցաւ ներկաներուն պատմեցին Թորոնթոյի ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան գործունէութեան մասին՝ ներկայացնելով անոնց կողմէ տարուող քարոզչական ու պահանջատիրական աշխատանքները՝ Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի էթնիկ զտման, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն մասին օտարներուն իրազեկման շուրջ։ Անոնք նաեւ հանդէս եկան գրական ընթերցումներով։
Արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան խօսեցաւ 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակման ու Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութեան օրերուն իր գործունէութեան մասին եւ ներկայացուց փաստավաւերագրական շարք մը լուսանկարներ։

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի սաները արտասանեցին արցախցի գրողներու ստեղծագործութիւններէն։

Հանդիպման ներկայ արցախցի գրողներ Տաթեւ Սողոմոնեան, Ալիսա Պաղտասարեան, Ծովինար Պաղտասարեան եւ Հերմինէ Աւագեան ընթերցեցին իրենց ստեղծագործութիւններէն եւ վարժարանին նուիրեցին իրենց գիրքերէն։

Հանդիպումը փակուեցաւ «Ձօն Արցախին» երգով։

Միջոցառումը կայացաւ Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրի վերնատան մէջ:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակ