«Գործ ունինք հերթական արշաւանքի մը հետ, զոր կազմակերպած է բռնապետը». Արծուիկ Մինասեան

ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այսօր անդրադարձաւ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու նախաձեռնութեան, որուն օրակարգին մէջ ընդգրկուած է Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորներու մշակած՝ «Ընտրական օրէնսգիրք»-ին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու նախագիծը։

Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ՔՊ-ական պատգամաւորներու հեղինակած նախագիծը միայն երէկ դրուած էր շրջանառութեան մէջ։ Ան յայտնեց, որ այսօր ինք եւ խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան մասնակցած են խորհուրդի նիստին եւ ներկայացուցած, թէ կարելի չէ այսքան կարեւոր հարց մը այսպիսի այլանդակ արագութեամբ օրակարգ բերել՝ առանց պատշաճ քննարկման։

«Դիտորդական առաքելութիւն իրականացնողները, յատկապէս անոնք, որոնք վերջին ՏԻՄ ընտրութիւններուն ընթացքին անաչառ գնահատականներ հնչեցուցած են, ընդհանրապէս չեն ծանուցուած, անոնց հետ նախագիծը չէ քննարկուած, չէ քննարկուած նաեւ ընդդիմութեան եւ հասարակական խաւի այն ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք իշխանամետ չեն։ Չէ քննարկուած նաեւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպիսիք են Վենետիկի եւ ԺՀՄԻԳ (OSCE/ODIHR) համակարգերը։ Եւ այս նախագիծը բերած են օրակարգ։ Նախագիծը բովանդակային առումով կրնայ բնութագրուիլ որպէս իշխանական դիտորդական առաքելութիւններու ձեւաւորման նախագիծ։ Զրկելու են բոլոր այն մարդկանց, որոնք դիտորդական առաքելութեան կարգավիճակ ստացած են, եւ որոնց գնահատականներն ու խօսքերը այս կամ այն քաղաքական ուժին ուղղուած քննադատութիւն կը պարունակեն»,– ըսաւ Մինասեան։

Մինասեան շեշտեց, որ գործ ունինք հերթական արշաւանքի մը հետ, զոր կազմակերպած է բռնապետը՝ իր չակերտաւոր ընտրութիւնը օրինականացնելու համար։ «Ասոր համար ալ մենք հրաժարեցանք քննարկումէն, որովհետեւ սա, ըստ էութեան, ընտրական օրէնսգրքի ընդունման կանոններու խախտում է, նկատի ունեանլով, որ ընդդիմութիւնը մասնակից չէ եղած փոփոխութիւններուն։ Ասիկա նաեւ նախազգուշացում մըն է, որպէսզի ապագային նման բաներ չկրկնուին։ Այս հարցը հնարաւորինս արագ պէտք է լուծուի։ Թէ ինչպիսի գործողութիւններ պիտի ըլլան առաջիկային, մենք լրացուցիչ պիտի քննարկենք եւ պիտի յայտարարենք»,– նշեց Արծվիկ Մինասեան։

Ան նաեւ ըսաւ, որ ԱԺ մեծամասնութեան կողմէ իրականացուած նախորդ փոփոխութիւններուն մէջ շատ լուրջ խնդիր գոյութիւն ունի նաեւ լրատուամիջոցներուն համար։ Նոյն պահանջներուն հիման վրայ լրատուամիջոցները կրնան զրկուիլ հաւատարմագրումէ։ «Օրինակ՝ լրագրող մը կրնայ կանոնախախտութիւն մը բացայայտել, եւ կրնան զայն որակել որպէս հակաքարոզչութիւն։ Այսինքն՝ գործ ունինք ամբողջական վերահսկողութեան փորձի մը հետ»,– ընդգծեց ան։

Ըստ Մինասեանի՝ իշխանութիւնները առաւելագոյն ձեւով այլանդակած են ընտրական ամբողջ գործընթացը եւ զայն դարձուցած բացառապէս իշխանական վերահսկողութեան ենթակայ ընտրութիւններ։ Միջազգային կառոյցներն ալ կամ միայն քաղցր խօսքեր կը լսեն ՀՀ իշխանութիւններէն, կամ կ’ուզեն լսել այդպիսի խօսքեր եւ լուռ կը մնան։ «Բայց մենք պէտք է այս բոլորը բարձրաձայնենք եւ կոչ կ’ուղղեմ նաեւ տեղական դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող ՀԿ-ներուն ու լրատուամիջոցներուն՝ բարձրացուցէք ձեր բողոքի ձայնը հանրութեան առջեւ։ Մենք անձամբ ալ պիտի դիմենք եւ պատրաստ ենք համագործակցելու, որպէսզի փորձենք զսպել իշխանութեան այս այլանդակութիւնները»,– եզրափակեց Մինասեան։