Գիտաժողով Նուիրուած` Հայերէն Առաջին Տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակին
Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած է գիտաժողով եւ տեսանիւթի առաջին ներկայացում, նուիրուած ՝ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակին։ Ձեռնարկի հովանաւորներն են՝ Տէր եւ Տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան։
Ֆիլմի ներկայացումը եւ գիտաժողովը Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ, Շաբաթ, 13 Յունուար 2018-ին Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի Բաստրմաճեան Սրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ։
ՈՍԿԱՆ վաւերագրական տեսանիւթի ներկայացման տեւողութինն է 42 վայրկեան, որմէ ետք առիթը պիտի ունենանք Երեւանի հետ հեռակայ դրութեամբ կապ հաստատելու բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանի և ֆիլմարտադրող Նուէր Մնացականեանի հետ։
Գիտաժողովի նիւթերն ու դասախօսներն են՝ «Հինգերորդ դարու Աստուածաշունջի առաջին հայերէն թարգմանութենէն մինչև Երեւանցիի տպագիր օրինակը – Պատմական Ակնարկ մը», պիտի ներկայացնէ Վերապատուելի Տոքթ. Մանուէլ Ճինպաշեան։
«Հաւատքի ու ազգակերտման պատմական զուգահերներ. Տպագիր առաջին հայերէն Աստուածաշունչի ներազդեցութիւնը» պիտի ներկայասնէ Բաբգէն Արք. Չարեան։ Իսկ «Հայերէն Աստուածաշունչի կանոնական կառոյցը և Ոսկան Երեվանցիի տպագրած տարբերակը» պիտի ներկայացնէ Խաժակ Արք. Յակոբեան։
Եկէ՛ք, միասնաբար հպարտօրէն անդրադառնանք հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան կարեւորութեան, Աստուծոյ խօսքի տարածման, անկէ ճառագայթող հաւատքի ամրապնդման եւ յատկապէս մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը դրսեւորող ու պահպանող ազգակերտման գործընթացին` հայ կեանքէն ներս։