Գեմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ «Կռունկը կը կանչէ» ժողովրդային դասախօսութիւնը՝ «Հայ դպրոց, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ գործակցութիւն» թեմայով
- (0)

Նախաձեռնութեամբ Գեմպրիճի Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ուղեկից միութիւններուն, Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին, տեղի ունեցաւ «Կռունկը կը կանչէ» ժողովրդային դասախօսութիւn, նիւթ ունենալով «Հայ դպրոց, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ գործակցութիւն»: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ընկհ. Լուսիկ Արոյեանի մեկնաբանութեամբ Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգներով, որմէ ետք, հանդիսավար ընկհ. Ազիկ Գէորգեան, Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ զոյգ մանկավարժներ տէր եւ տիկ․ Պայրամեան բանախօսներուն։ Ան նմանցուց հայ դպրոց, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ գործակցութիւնը կռունկի երամին, որուն բոլոր կռունկները զիրար կ’ամբողջացնեն եւ միասնաբար կը գործեն։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ ընկհ. Սեւան Ճուլհայեան՝ Համօ Սահեանի «Հայոց լեզուն» ասմունքով, իսկ ընկհ. Լուսիկ Արոյեան՝ «Կռունկ» մեներգով, որմէ ետք ընկհ. Ռիթա Արիքեան ընթերցեց զոյգ բանախօսներուն կենսագրականներն ու բեմ հրաւիրեց զանոնք: Դասախօսները հանրածանօթ են իրենց ուսուցչական, մանկավարժական եւ դաստիարակչական աշխատանքով ու միջազգային բացառիկ փորձառութեամբ՝ կրթական ոլորտէն ներս։
Պրն. Օննիկ իր բանախօսութիւնը սկսաւ, ըսելով որ այս դասախօսութեան մեկնակէտն է կռունկը կը կանչէ. ինչո՞ւ կը կանչէ եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի կանչէ։ Ապա տիկ․ Սալբի շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ նախաձեռնողներուն, ապա ընթերցեց կարգ մը գրագէտներու գրութիւններ լեզուի կարեւորութեան մասին։ Ժողովուրդներ կը գոյատեւեն իրենց լեզուն պահելով: Անցեալը յիշելը բաւարար չէ, պէտք է իմանալ ինքնութեան մասին եւ ուսումնասիրել պատմութիւնը։ Այն ժողովուրդը որ կը մոռնայ իր լեզուն, ազգութիւնն ու մշակոյթը դատապարտուած է կորստեան։ Իսկ մոռնալ պատմութիւնը կը նշանակէ կորսնցնել նպատակը եւ ուղին։ Լեզուն պահելու հիմնական ազդակներն են՝ ընտանիքը, եկեղեցին, դպրոցն ու մշակութային ու անոր յարակից միութիւններն ու կազմակերպութիւնները:
Ան յայտնեց նաեւ, թէ այսօր մեր ժողովուրդը լաւ վիճակի մէջ չէ Եունեսքոյի վիճակագրութեամբ. հայեր ցուլուած են օտար ամուսնութիւններով եւ զանազան պատճառներով, շատեր մոռցած են իրենց լեզուն եւ պատմութիւնը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեր պապերուն երազանքը եղած էր «Երկիր» վերադարձը, այսօր մեր նպատակը պէտք է ըլլայ հայ մնալ, հայերէն լեզուն կանգուն պահել, մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը փոխանցել սերունդէ սերունդ, տէր եւ նեցուկ կանգնիլ հայրենիքին։
Բանախօսը ներկաներուն ուղղեց հետեւեալ հարցումը. ձեր կարծիքով որո՞նք են հիմնական երեք գործօնները, որոնցմով կարելի է պահպանել մեր հայկական ինքնութիւնը, մշակոյթն ու ժառանգութիւնը։
Ներկաներուն մեծամասնութեան կարծիքն էր՝ եկեղեցին, լեզուն եւ դպրոցը։
Հայ լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը պահելու մարտահրաւէրներուն գլխաւորն է դպրոցներու թիւի նուազումը սփիւռքի մէջ, որոնց իբրեւ արդիւնք կը նահանջէ լեզուի իմացութիւնը, հետեւաբար սերունդի ցուլումը, ինչպէս նաեւ օտար ամուսնութիւնները։ Հայրենիքէն հեռու ըլլալը կը պարտաւորեցնէ հայ մայրն ու հայրը ըլլալու առաջին ուսուցիչները իրենց զաւակներուն եւ սորվեցնել հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, արժէքներն ու հայոց պատմութիւնը։
Բանախօսութեան աւարտին Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Վիգէն Գէորգեան յուշանուէր մը յանձնեց Պրն. Օննիկ Պայրամեանին, իսկ ընկհ. Մարինա Թաբթուկեան՝ տիկ․ Սալբի Քիւրքճեան Պայրամեանին։ Ձեռնարկը վերջ գտաւ գաղութիս հովիւ Արժ. Տէր Նշան Քհն․ Մանուկեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան։
Սալբի Քէլէշեան