Գեմպրիճի մէջ յոբելենական հանդիսութեամբ նշուեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակը
Գեմպրիճի մէջ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահէն ներս։
Հանդիսավար ընկհ․ Ցոլեր Մկրտիչեան, բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց, որ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի լրագրական աշխատանքը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, սկիզբ առած է 45 տարիներ առաջ, ծաւալելու բոլոր շրջաններու գանատահայութեան պատմութիւնը, կազմակերպութեան շարքերու եւ իր հովանիին տակ գործող բոլոր ազդակներու տարած աշխատանքը։ Քայլ պահելով օրուան իրադարձութիւններուն հետ, գանատահայութիւնը տեղեակ պահած է Հայաստանէն, Արցախէն, Հայ դատի աշխատանքներէն ու զանազան իրադարձութիւններէն։ Այսօր, «Հորիզոն»ի հրատարակչական եւ լրագրական արդիւնքն են գրական եւ մանկապատանեկան թերթերը, որոնք կ’ուսումնասիրուին հայկական դպրոցներուն մէջ։
Ընկհ․ Թալին Հանէշեան ընթերցեց Ճասթըն Թրուտոյի շնորհաւորագիրը ուղղուած «Հորիզոն»ին այս առթիւ։
Անկէ ետք ընթերցուեցաւ «Հորիզոն»ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեանի կենսագրականը, ապա տեսերիզով Տիրուհի ներկայացուց թերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ Արցախի մէջ իր ունեցած գործունէութիւնը, մինչեւ Արցախի բռնի պարպումը եւ բոլոր արցախցիներուն նման Երեւան հաստատուիլը։
Յոբելենական հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի խօսքով, որուն մէջ Կեդրոնական կոմիտէին անունով շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի խմբագրական կազմը, սփիւռքահայ մամուլին մէջ 45 տարիներու ծառայութեան համար։ Ան ըսաւ. «“Հորիզոն”ը 45 տարիներուն ընթացքին գանատահայութեան տեղեկութիւններու լրագրական կենսական աղբիւրը հանդիսացաւ, իր էջերուն մէջ տեղադրելով անոնց առօրեայ կեանքը իր զանազան երեսներով. ան ներկայացուց գաղութին Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներն ու յաջողութիւնները եւ զանազան առիթներու իր յաւելուածներով դարձաւ միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն, եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն արխիւներու շտեմարանը։ Իր էջերուն մէջ ներկայացուցած գանատահայութեան առօրեան կարեւոր աղբիւր դարձաւ Գանատա-Հայաստան բազմակողմանի յարաբերութիւններն ու Գանատայի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն համար»։
Հանդիսավարը ներկայացուց բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանը, ապա անոր յաջորդեց, «Հորիզոն»ի վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որուն մէջ կը ներկայացուէին «Հորիզոն»ի 45 տարիներու ընթացքին խմբագիրները՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Կիրօ Մանոյեան եւ մինչեւ օրս՝ Վահագն Գարագաշեան, աշխատակիցներն ու թղթակիցները, աշխատանքի ընթացքը, աշակերտներու հետաքրքրութիւնը Մանկապատանեկանի էջերու նիւթերուն շուրջ եւ այլն:
Բեմ հրաւիրուեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի ընթերցողներուն եւ նուիրատուներուն, անոր ուռճացումին սատարող թղթակիցներուն եւ աշխատակիցներուն։ «“Հորիզոն”ի 45-ամեայ աշխատանքին ընթացքին մենք վաւերագիրը եղած ենք մեր գաղութներու պատմութեան։ Իսկ մեր Հայաստան շրջապտոյտներով ամրացած է Հայաստան-Արցախ-Գանատա փոխ յարաբերութիւնները», ըսաւ ան եւ տեղեկացուց, թէ «Հորիզոն»ի խմբագրակազմը 45-ամեակը պատեհ առիթ նկատած է պատուելու «Հորիզոն»ի Գեմպրիճի աշխատակիցներէն Նազիկ Հանէշեանը, Վիգէն Գէորգեանն ու Սալբի Քէլէշեանը, որոնք խմբագիրին ձեռամբ ստացան իրենց գնահատագիրները։
Ներկայացուեցաւ «Հորիզոն»ի աւագ լրագրող Տիանա Սքայան, որ նշանակուած է Լեհաստանի պետական հեռուստատեսիլի անգլերէն բաժանմունքի Միջին Արեւելքի ռազմական լրագրող եւ ցուցադրուեցաւ անոր լրագրական աշխատանքի պատմութիւնը, իր նուաճումները, իրագործումներն ու յաջողութիւնները Արցախի պատերազմական օրերուն։
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Գեմպրիճի Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ատենապետ Վիգէն Գէորգեան յուշանուէր մը յանձնեց «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին, ներկայութեամբ ՀՅԴ «Արամ Դրօ» կոմիտէի հերթապահին։
Աւարտին Գերպ. Տէր Գեղարդ Ծ․ Վ․ Քիւսպէքեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց յայտնելով որ ձեռնարկը յուզիչ էր՝ Արցախի նկարներու ցուցադրութեամբ, ապա ըսաւ. «“Հորիզոն”ի կէս դար տարած արաքելութիւնը գերգնահատելի կը մնայ. ան սովորական թերթ մը չէ՝ միայն իրադարձութիւններ լրագրող, այլ անոր վստահուած է գաղափարախօսական եւ հայապահպանման առաքելութիւն։ «Հորիզոն»ի մասին խօսիլ եւ չխօսիլ Վահագնի մասին՝ արդարացի չէ, ան երեսուն տարիներ շարունակ աշխատակցած է զանազան թերթերու»։ Ապա «Պահպանիչ»ով փակեց 45-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը։
Սալբի Քէլէշեան
Comments are closed.