Գեմպրիճի ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Դաշնակցութեան 134-ամեակը

Horizon Weekly Newspaper

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէին, Շաբաթ 22 Փետրուար 2025-ին, տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 134-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան օրհներգներով, որմէ ետք հանդիսավար Շանթ Ահարոնեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեր նահատակ հերոսներուն։

Ան յանձնախումբին եւ կոմիտէին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք նոյնիսկ հեռակայ շրջաններէն ժամանած էին՝ ներկայըլլալու այս տօնակատարութեան։ Ապա հրաւիրեց կոմիտէի հերթապահ Դրօ Թասլաքեանը՝ փոխանցելու կոմիտէին խօսքը։

Հերթապահը ողջունեց ներկաները, որոնք քաջալեր հանդիսանալով սոյն նախաձեռնութեան, շէնցուցին Հայ կեդրոնը, ապա ըսաւ. «ՀՅԴ-ն ծնունդ առած է օրհասական օրերուն՝ հետապնդելու ժողովուրդին շահերը, պաշտպանելու հայ դատը եւ ձգտելու գերագոյն նպատակի մը, որն է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացումը։ Այսօր հայ ժողովուրդը այսքան տաիներ ետք կրկին կ’ապրի դժուար օրեր. Հայաստանի անկայուն քաղաքականութիւնը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութներու օրհասական իրավիճակը եւ արեւելեան մեր գաղութներու դիմագրաւած օտարամոլութեան ժանիքները… այս բոլոր մարտահրաւէրներուն տէրն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Կազմակերպութիւն մը, որ տարուէ տարի ծլարձակելով, սերունդէ-սերունդ փոխանցելով իր ջահը, կը շարունակէ պաշտպանը հանդիսանալ, հայ ազգի բոլոր շահերուն։ Այս բոլորը կարելի չէր իրագործել առանց հաւաքական աշխատանքի եւ հաւատքի զօրութեան, որուն կենդանի պատկերը մեր դպրոցի աշակերտներն ու երիտասարդներն են։ Այսօր առիթը օգտագործելով կ’ուզեմ շնորհակալական խօսք ուղղել իւրաքանչիւր նուիրեալ հայորդիի, որ իր նիւթական կամ բարոյական օժանդակութիւնը չի խնայեր Գեմպրիճի Հայ կեդրոնի դռները բաց պահելու»:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մենք՝ սփիւռքի մէջ հայրենազուրկ հայորդիներս, կը վստահեցնենք, որ պիտի շարունակենք մեր նախնիներուն հայապահպանումի եւ գոյատեւումի աշխատանքը»:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբեր բժիշկ Ռազմիկ Պէպէճեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Արամ-Դրօ» կոմիտէին, որ զինք նկատի ունեցած էր այս առիթին որպէս պատգամախօս, ապա անցնող 134 տարիները մեկնաբանեց ըսելով. «134 տարիները մեծ աղերս ունեցած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան հետ: Անոնք օրկանական անքակտելի կապերով նոյնացած են իրարու հետ: Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդը համոզուած է ու միշտ կը կրկնէ, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութիւն է, քանզի ան կեանքի կոչուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենասարսափելի արհաւիրքներու դարաշրջանին: Անոր համար բաւ է յիշել հիմնադրութեան առաջին 25 տարիներուն հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենաահռելի 4 ջարդերը՝ Համիտեան զոյգ ջարդերը, Ատանայի ջարդը եւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը: Ահա այդ պատճառով է, որ մեծ շուքով կը նշենք ՀՅԴ-ի տօնը, որ նուիրուած է Դաշնակցութեան կազմակերպական գործունէութեան ինքնարժեւորման եւ երդուեալ դաշնակցականներու ուխտի վերանորոգման: Այն լաւագոյն շարժառիթն է Դաշնակցութեան հետ անկեղծանալու եւ անոր հետ ազգային ու քաղաքական հայեացքներ ու մտահոգութիւններ կիսելու»:

Պատգամաբերը անդրադարձաւ կարգ մը կէտերու, որոնք Հայաստանն ու հայութիւնը շրջապատած են մեծ վտանգներով եւ որոնք լուրջ սպառնալիքներ են Հայաստանի ու հայութեան գոյութեան ու գոյատեւման, ապա ըսաւ. «Հետագայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու դարաշրջանին մէջ նպաստաւոր չէ, որ Հայաստանը ներկայացուած ըլլայ այսօրուան իր ձախողած վարչախումբով, որովհետեւ՝ ա) Հայաստանի ներկայ վարչախումբը լրիւ տապալած է իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անկարող է պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը, բ) Հայաստանի կառավարութիւնը իր սխալ ու ազգակործան քաղաքականութեամբ կորսնցուցած է թէ՛ հայ ժողովուրդի եւ թէ՛ տարածաշրջանի երկիրներուն վստահութիւնը»:

Ան հաստատեց, թէ այս աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւններու դարաշրջանին, Հայաստանի փրկութեան յոյսն ու երաշխիքը կը հանդիսանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնն ու իր դաւանած ընկերային արդարութեան հաւատամքը, ապա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր հայրենի մեր ժողովուրդը, պատմական ու ժամանակակից անհրաժեշտ բոլոր տուեալները ունի, Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը վստահելու իր ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Ահաւասիկ ա՛յս է ՀՅԴ 134-ամեակին այսօրուան անկեղծ պատգամը, նուիրուած մեր հայ ժողովուրդին»:

Ապա խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կատարեցին իրենց ԳԵՄ-ականի երդման արարողութիւնը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Շանթ Ահարոնեանի, որմէ ետք Ս․ Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Նշան Քհն․ Մանուկեան շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի երկար տարիներու հարուստ պատմութեան ու գործունէութեան 134-ամեակը, մաղթելով որ Աստուած անոր բոլոր ծրագիրները յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնէ։ Ան յայտնեց, թէ չենք կրնար այսօր լուռ մնալ եւ չյիշել մեր նահատակները, որոնք դարձան մէյ-մէկ առաքեալներ եւ նուիրաբերեցին իրենց ամենաթանկը՝ իրենց կեանքը, ի սէր հայրենիքին եւ հաւատքին։ «Մեր պարտքն է շարունակել իրենց ուղին՝ մեր երգով, մեր գրիչով, մեր մշակոյթով եւ մեր միասնականութեամբ» ըսաւ ան:

Աւարտին, որպէս խորհրդանիշ սերունդներու շարունակականութեան, հանդիսավարը հրաւիրեց «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան երիցագոյն անդամ Կարպիս Հանէշեանն ու կրտսեր պատանի Արեգ Ստամպուլեանը, հատելու ՀՅԴ 134-ամեակի կարկանդակը։

Տօնակատարութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ հայրենիքէն յատուկ հրաւիրուած աշուղական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Սեւակ Ամրոյեան, ճոխացնելու ձեռնարկը իր երգացանկով, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկում:

Սալբի Քէլէշեան