Գեղամ Մանուկեան կ՚առաջարկէ փակ քննարկում՝ Պաքուի դատավճիռներուն մէջ Հայաստանի դէմ սպառնալիքներուն շուրջ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան Սեպտեմբեր 11-ին առաջարկեց Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ փակ աշխատանքային քննարկում կազմակերպել՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու նկատմամբ արձակուած դատավճիռներուն մէջ Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերող մտահոգութիւններուն շուրջ։

Մանուկեան առաջարկեց քննարկումին հրաւիրել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ներկայացուցիչները՝ պարզելու համար, թէ իշխանութիւնները ի՛նչ քայլեր կը ձեռնարկեն Հայաստանի դէմ առկայ սպառնալիքները գնահատելու եւ չէզոքացնելու ուղղութեամբ։

Պատգամաւորը շեշտեց, որ հարցը միայն գերիներու ճակատագրին չի վերաբերիր։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ Դաւիթ Մանուկեանի եւ Դաւիթ Իշխանեանի ուղերձներուն՝ նշելով, որ Պաքուի դատավճիռներուն մէջ Հայաստանի նկատմամբ ուղղակի սպառնալիքներու վերաբերող լուրջ մտահոգութիւններ կան։

Յանձնաժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վիլէն Գաբրիէլեան յայտնեց, որ հարցը կարելի է քննարկել յանձնաժողովի շրջանակին մէջ։