Գանատա նոր դեսպան նշանակած է Հայաստանի մէջ
Գանատա Հայաստանի մէջ իր յաջորդ դեսպանը նշանակած է Անտրու Թըրնըրը:
Ըստ The Canadian Press-ի Թըրնըր Երեւան պիտի գործուղուի յառաջիկայ ամսուան ընթացքին:
Անտրու Թըրնըր արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած է 2002-ին: Պետական գրասենեակներուն մէջ, ան պաշտօնավարած է խորհրդարանական յարաբերութիւններու բաժանմունքին, Արեւելեան եւ Հարաւային Ափրիկէի հետ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ իսլամական համայնքներու աշխատանքային խումբի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն մէջ:
Արտերկրի մէջ ան ծառայած է Սէուտական Արաբիոյ (2004-2007), Սուրիոյ (2011-2012), Աֆղանիստանի (2013-2015), Փաքիստանի (2015-2017) եւ Իրաքի (2017-2019) մէջ:
Վերջերս ան զբաղեցուցած է Արեւելեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժանմունքի տնօրէնի եւ փոխտնօրէնի պաշտօնները:
Գանատա ծրագրած է Երեւանի մէջ դեսպանատուն հաստատել:
Կ՚ակնկալուի, որ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլի ներկայ գտնուի դեսպանատան բացումին:
Comments are closed.