Գանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըր կը դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակումը

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի Գանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յատուկ գրառումով դատապարտած է Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը։

Ռէյչըլ Հարտըր իր դատապարտման կոչին մէջ կը նշէ, որ ատրպէյճանական զինեալ յարձակումները դիտաւորեալ ուղղուած են անմեղ քաղաքացիներու դէմ: Պահպանողնաղական կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ հակամարտութեան գծով ռազմական լուծումը անընդունելի է: Ռէյչըլ Հարտըր կը շեշտէ նաեւ, որ Գանատան սատար կը հանդիսանայ Հելսինքիի համաձայնագրի բանաձեւերուն վրայ հիմնաւորուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախաձեռնութեանց՝ ներառեալ տարածաշրջանի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.