Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութիւնը Արցախի հարցով նամակ յղեց արտգործ նախարար Մելանի Ժոլիին
Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահներ Խորհրդարանի անդամ Ռէյչըլ Թամըս եւ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս սեպտեմբեր 6 թուակիր նամակով մը Գանատայի արտգործ նախարար Մելանի Ժոլիին կը տեղեկացնեն Հարաւային Կովկասի մէջ Արցախի շուրջ ծաւալած ճգնաժամին մասին, նշելով, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մարդասիրական և տնտեսական ճնշում կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայ բնակչութեան նկատմամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը։
Նամակին մէջ կ՚ընդգծուի, որ Genocide Watch կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը դասակարգած է որպէս «Հալածանք»ի փուլ, միաժամանակ 2023 թուականի յունիսի 14-էն ի վեր, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին մուտքը արգիլուամ Արցախ, սննդամթերք և բժշկական տարրական օժանդակութիւն տեղափոխելու համար։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը, որուն վստահուած է Լաչինի միջանցքի պաշտպանութիւնը, ցաւ ի սիրտ, չէ կարողացած վերահսկել միջանցքը՝ խախտելով եռակողմ հրադադարի համաձայնագրով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները։
Լաչինի միջանցքի Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի շրջափակումը՝ բնիկ հայերու նկատմամբ գործադրուած մարդու իրաւունքներու խախտումներու շարքին մաս կը կազմէ եւ այդ խախտումներու շարքը կը ներառէ նաեւ վարձկաններու օգտագործումը ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, ինքնիշխան հայկական տարածքներու վրայ յարձակումն ու բռնագրաւումը եւ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ուժի կիրառումը։
Գանատայի համար որոշիչ պահ է: Հրամայական է, որ Գանատան պատժամիջոցներ սահմանէ Ատրպէյճանի բռնապետական կառավարութեան պաշտօնեաներուն դէմ, որոնք խախտած են խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ միաժամանակ կատարելով մարդկային իրաւանց կոպիտ եւ համակարգուած խախտումներ:
ՄԱԿ-ի «Պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը» (R2P) պարտաւորութեան Համաձայն՝ Գանատան պատասխանատու է Արցախի բնակչութիւնը պաշտպանելու այնպիսի վայրագութիւններէ, ինչպիսիք են հալածանքները եւ էթնիկ զտումները: Ատրպէյճանի այս ընթացքը կասեցնելու համար անհրաժեշտ են բոլոր համապատասխան միջամտութիւնները՝ դիւանագիտական և տնտեսական պատժամիջոցներէն մինչև միջազգային քրէական հետապնդումները՝ եւ որպէս վերջին միջոց՝ ռազմական գործողութիւնները:
Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահները նամակի աւարտին Գանատայի իշխանութիւններէն կը խնդրեն արագօրէն թափ տալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ շարունակուող հալածանքները դադրեցնելու համակարգուած աշխատանքներուն, վերստին շեշտելով, որ այդ մէկը կը պահանջէ պատժամիջոցներ սահմանել ատրպէյճանական իշխանութեանց նկատմամբ՝ եւ ստիպել Պաքուի կառավարութեան դադրեցնել Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակումը։
Comments are closed.