Գանատացի ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս կը շնորհաւորէ Արցախի Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը
Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոս, Օգոստոս 14 թուակիր նամակով մը կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը՝ 7 Օգոստոս 2023-ին Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Նամակին մէջ Հուսաքոս կը նշէ, թէ Իշխանեանի ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Արցախի Հանրապետութեան պարտադրուած դժուարին պայմաններու ժամանակաշրջանին, երբ արցախցիները կը շարունակեն դիմակայել Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած սովը, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի ընկերային ու տնտեսական անհամար դժուարութիւններ, որոնք արդիւնք են 12 Սեպտեմբեր 2022-էն ի վեր շարունակուող շրջափակման։
Հուսաքոս միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհին՝ բարձրաձայնել 8 ամիսէ ի վեր շարունակուող այս անմարդկային շրջափակման առընչութեամբ եւ պահանջել անոր վերացումը:
Հուսաքոս կը պնդէ, թէ այնպէս ինչպէս 1932-1933 թուականներուն Խորհրդային Իշխանութեանց կողմէ գործադրուած էր Ուքրանական սովասպանութիւնը, նոյնպէս ալ այսօր, Ատրպէյճանը նոյն ճակատագիրը կը պարտադրէ Արցախի աւելի քան 120 հազար անմեղ երեխաներու, կանանց եւ տղամարդկանց, մինչդեռ արեւմտեան ժողովրդավարական երկիրները լիովին կրաւորական կեցուածք որդեգրած են, եթէ ոչ ընդհանրապէս՝ լուռ:
Ան շեշտած է նաեւ, որ այս իրավիճակը կը պահանջէ համաշխարհային հանրութեան անյապաղ ուշադրութիւնը, այնպէս ինչպէս անցնող շաբթուան ընթացքին Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամփօ յայտարարեց, թէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է այս հարցը ներկայացնէ Միջազգային դատարան:
Շնորհաւորական նամակի աւարտին, Հուսաքոս կը յայտնէ, թէ որպէս գանատացի եւ որպէս ծերակուտական, իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Ազգային Ժողովի իր գործընկերներուն եւ Դաւիթ Իշխանեանին, ինչպէս նաեւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան:
Comments are closed.