Գանատացի երեսփոխան Քլէմէնթ Միւնիխի Ապահովական Համագումարի Ընթացքին Քննարկեց Արցախեան Հիմնահարցը

Փետրուար ամսուան ընթացքին, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ կայացաւ Միջազգային Ժողովրդավար Միութեան (International Democratic Union) տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին միութեան ատենապետ ընտրուեցաւ Գանատայի նախկին վարչապետ եւ հայազգի մօտ բարեկամ Սթիվըն Հարփըրը, իսկ փոխ-ատենապետի պաշտօնին վերընտրուեցաւ հայազգի մօտ բարեկամ եւ վերջերս Հայաստան եւ Արցախ այցելած Գանատացի Երեսփոխան Թոնի Քլէմէնթը:

Համագումարի շջանակներէն ներս, IDU-ի ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ միջազգայնօրէն հանրածանօթ Միւնիխի Ապահովական Համագումարի (Munich Security Conference) տարեկան նիստերուն, որոնցմէ մէկուն հիմնական թէման էր Եւրոպայի մէջ առկայ  հակամարտութիւններու հոլովոյթը: Սոյն նիստին իր մասնակցութինը բերաւ նաեւ Երեսփոխան Քլէմէնթ, ուր ան այլ գործակիցներու եւ ներկայ մասնագէտ ունկնդիրներուն հետ կիսեց իր տպաւորութիւններն ու փորձառութիւնը՝ վերջերս Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան կապակցութեամբ, շեշտելով Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:  

Նշենք, որ Երեսփոխան Քլէմէնթ եւ Երեսփոխան Րէյչըլ Հարտըր Սեպտեմբեր 2017-ին, գլխաւորութեամբ Մէկ Ազատ Աշխարհ (One Free World International) կազմակերպութեան հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Վերապատուելի Մաժըտ Էլ Շաֆի եւ ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ գործավար՝ Սեւակ Պէլեանի, դիտորդական յատուկ առաքելութեամբ մը այցելեցին Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ առիթն ունեցան մօտէն ծանօթանալու ներկայ իրավիճակին եւ դիտարկելու Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած Ազրպեճանական  ոճրագործութիւնները:  

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.